Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Գործը Գլխաւոր Դատախազը Անմիջական Հսկողութեան Տակ Պիտի Պահէ

02 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Գործը Գլխաւոր Դատախազը Անմիջական Հսկողութեան Տակ Պիտի Պահէ. Իշխան Սաղաթելեան

Ինչպէս ըսած էինք, այսօր ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան շէնքին առջեւ, Պռոշեանի դաշնակցական գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով՝ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը կազմակերպած էր բողոքի ցոյց մը: Բողոքի մասնակիցները գլխաւոր դատախազին հետ հանդիպում կը պահանջէին՝ կարեւոր համարելով սպանութեան գործին վերաբացումը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի, Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի, ՀՅԴ ԳՄ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեանի, Հրաչ Մուրատեանի եղբօրորդի Յակոբ Մուրատեանի եւ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի հետ հանդիպումէն ետք՝ Իշխան Սաղաթելեան ներկայացուց քանի մը մանրամասնութիւն, ըստ որուն՝ գլխաւոր դատախազին ներկայացուած են իրենց պահանջները, եւ վերջինս հաւաստիացուցած է, որ, հակառակ գործի վարոյթի կասեցման, այս պահուն եւս կ՝ընթանան գործողութիւններ:

«Քանի մը նոր հանգամանք ներկայացուցինք, եւ ան խոստացաւ իր անմիջական հսկողութեան տակ պահել գործընթացը: Յառաջիկայ 10 օրուան մէջ, յստակ գործողութիւններու իրականացումէն ետք, կրկին պիտի հանդիպինք գլխաւոր դատախազին հետ ու պիտի քննարկենք արդիւնքները: Մեծ ակնկալիք ունինք, որ յստակ գործողութիւններու եւ որոշումներու մասին ան տեղեակ պիտի պահէ մեզի»,- նշեց Սաղաթելեան:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան գործի արդարացի բացայայտման մասին բարձրաձայնած են բազմիցս, եւ համբերութեան բաժակը արդէն լեցուած է: Ըստ անոր` եթէ յառաջիկային արդիւնքներ չըլլան, իրենք պիտի դիմեն որոշ գործողութիւններու։ «Այսօրինակ խաղաղ ցոյցերը երկար չեն կրնար տեւել: Ճիշդ այստեղ` կառավարութեան շէնքին դիմաց՝ վրան պիտի դնենք ու օրերով, ամիսներով պիտի մնանք այստեղ»,- ըսաւ Իշխան Սաղաթելեան` ընդգծելով, որ ամբողջ գործընթացը պիտի ըլլայ ե՛ւ Հրաչ Մուրատեանի իրաւայաջորդներու, ե՛ւ ՀՅԴ-ի ամենօրեայ ուշադրութեան կեդրոնին` հետեւողական պիտի ըլլան, որ գործը ամբողջութեամբ ու լիարժէք բացայայտուի:

yerakouyn.com/2019/04/02/հրաչ-մուրատեանի-սպանութեան-գործը-գլխ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail