Յովհաննէս Թումանեանի Անուան Դպրոց Պելճիքայի ՄԷջ

02 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ:

Պելճիքայի մէջ գործող «Պելճիքահայ Դեմոկրատներու Միութիւն»-ը դեռ 1984 թուականին Պրիւքսելի մէջ հիմնադրեց հայկական դպրոց, որուն նպատակը հայ ընտանիքներու երեխաներուն տառաճանաչութեան եւ հայեցի մեծնալու խնդիրներուն լուծում տալն է: Միութեան անդամներուն եւ մանկավարժական կազմի անդուլ, հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ կրթօճախը կը գործէ մինչ օրս:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Յասմիկ Պաքմասեան, օրէ օր դպրոցը վերելք կ՛ապրի ու նորանոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, որուն վառ ապացոյցը տարիէ տարի աճող սաներու թիւն է:

2018 թուականին դպրոցը տեղափոխուած է նոր ու յարմարաւէտ շէնք` լայն, ընդարձակ ու լուսաւոր դասասենեակներով, ուր կը յաճախեն հարիւրաւոր հայ մանուկներ:

Քանի որ 2019 թուականին կը լրանայ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհ. Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը, որուն հանճարի շնորհիւ հայաճանաչումն իր սահմաններն ընդլայնած է համաշխարհային գրականութեան ասպարէզին մէջ, «Պելճիքահայ Դեմոկրատներու Միութիւնը», որպէս յարգանքի տուրք եւ շնորհակալական երաշխիք, դպրոցն անուանակոչած է Յովհաննէս Թումանեանի անունով:

hayernaysor.am/cl/archives/307303

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail