04 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Սու-30 Կործանիչներու Համար Վճարուած Է Նաեւ Կանխիկ. Ձեռքբերման Հնարք Կայ, Փակագիծերը Պէտք Չէ Շատ Բանալ. Արծրուն Յովհաննիսեան
Չենք ըսած, որ Սու-30 մարտական օդանաւերը ամբողջութեամբ ձեռք բերած ենք վարկային միջոցներով, բայց չեմ կրնար ըսել, որ Ռուսիայէն գնած չորս Սու-30-ներէն քանի հատը գնուած են կանխիկ, «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով «Ժամանակ» թերթի հրապարակումին, թէ Սու-30 մարտական օդանաւերէն երկուքին համար վճարուած է կանխիկ, եւ այդ միջոցները գոյացած են սակաւապետներու պաշտպանութեան նախարարութեան կատարած կամաւոր պարտադիր վճարումներէն:
Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ ընդհանուր ծրագիրի ծիրին մէջ կործանիչներու համար կանխիկ գումար ալ վճարուած է:
«Վճարած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ծրագիր կը ներկայացնէ, կը բանակցի, կը հիմնաւորէ, գումարը կը յատկացնէ Երելմուտքի նախարարութիւնը», նշած է ան:
Պատասխանելով հարցումին՝ թէ արդեօք այդ միջոցները գոյացած են սակաւապետներու վճարումներէ՞ն, Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ կապ չունի, թէ ուրկէ գոյացած են, անոնք կը համարուին Հայաստանի միջոցներ:
Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ ստացման նախագիծ կայ եւ փակագիծերը պէտք չէ շատ բանալ. կան դասակարգուած տեղեկութիւններ:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 30-ին յայտարարուեցաւ Ռուսիայէն Սու-30 ՍՄներ գնելու Հայաստանի պայմանագիրը: Ռուսական «Կոմերսանտ» թերթը յաջորդ օրը յայտնած էր, որ ըստ իրենց ունեցած տեղեկութիւններուն, գործարքին արժէքը 100 միլիոն տոլար է, որով գնուած է չորս ինքնաթիռ:
Ըստ ռուսական աղբիւրին՝ կը սպասուի, որ անոնք մատակարարուին 2020-ին:
yerakouyn.com/2019/04/04/սու-30-կործանիչներու-համար-վճարուած-է-նա/