05 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՊԱՔՈՒ, «Ազ. Թի. Վի.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, խօսելով 2016ի Ապրիլեան պատերազմին մասին, Ապրիլ 4ին յայտարարեց, որ ատրպէյճանական բանակը կրնայ որեւէ պահուն պատերազմելու վերսկսիլ, որովհետեւ «մեր բանակը ամբողջութեամբ համալրուած է զէնք-զինամթերքով եւ ունինք բարձրորակ զէնք՝ անօդաչու սարքեր, աւելի քան 1000 տեսակի զէնքեր»:
Ի պատասխան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներու համար» յայտարարութեան, Հասանով ըսած է. «Զինուորականները պէտք չէ խօսքերով կրակեն: Ես արդէն Տօնոյեանին զինուորական չեմ համարեր: Ան ծանօթ չէ իր ղեկավարած բանակի հնարաւորութիւններուն: Տօնոյեան այդ յայտարարութիւնը կատարած է Նիւ Եորքի մէջ՝ հայկական Սփիւռքի անդամներուն համար: Ան հոն գացած էր դրամ մուրալու համար: Եթէ հայերը անցնին յարձակման, ապա մենք Տօնոյեանին հետ կը հանդիպինք Երեւանի մէջ: Սակայն, անոնք յարձակելու հնարաւորութիւն չունին»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով եւս Ապրիլ 4ին անդրադարձած է Տօնոյեանի յայտարարութեան, պնդելով, որ նման յայտարարութիւններ նոր խոչընդոտներ կը դնեն բանակցութեան առջեւ։ Ան աւելցուց, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ յաջորդ հանդիպման թուականը որոշուած է արդէն։
«Շատ շուտով երկկողմանի հանդիպում պիտի ունենանք եւ արդէն համաձայնած ենք թուականին շուրջ, սակայն աւանդոյթի համաձայն, այդ մասին յայտարարութիւնը միաժամանակ պիտի կատարուի Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ», յայտնած է Մամետեարով:
asbarez.com/arm/341922/Եթէ-Հայերը-Յարձակին-Ապա-Մենք-Տօնոյեան/