Հայաստանի Ղեկավարները Խիստ Կեցուածք Կ՛որդեգրեն Միացեալ Նահանգներու Եւ Ատրպէյճանի Դէմ

Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի www.TheCaliforniaCourier.com հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

04 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Կը թուէր, թէ այս շաբաթ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ամէնէն նշանակալից զարգացումը պիտի ըլլար Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած առաջին բանակցային հանդիպումը Արցախեան հակամարտութեան շուրջ: Սակայն, քանի որ այս բանակցութիւններուն մէջ որեւէ բեկում չարձանագրուեցաւ, հետեւաբար, մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք այլ կարեւոր հարցերու վրայ:

28 Մարտ, 2019ին, ելոյթ ունենալով Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննադատութեան ենթարկեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ արձագանգի բացակայութիւնը՝ անցեալ տարուան ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ, զորս կնքուած են «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» անունով:

Մէկ տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Փաշինեան այսպիսի կոշտ լեզուով կը խօսի Միացեալ Նահանգները յիշատակելու պահուն: «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները շատոնց ի վեր հանդէս եկած է իբրեւ ժողովրդավարութեան ամէնէն ջերմեռանդ պաշտպանը ամբողջ աշխարհի մէջ», յայտարարեց Փաշինեան, աւելցնելով. «կ՛ուզեմ ձեզի եւ բոլորիս հարցնել. իսկ Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՞ս արձագանգեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական աննախադէպ փոփոխութիւններուն, որոնք… էութեամբ ու բովանդակութեամբ ժողովրդավարական փոփոխութիւններ էին, եւ ոեւէ մէկը այս մասին չի կրնար կասկածիլ: Ես, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն ալ ըսած եմ, որ, ըստ ինծի, գործնականին մէջ իրենք զերօ արձագանգ տուած են, ինչո՞ւ»:

Այնուհետեւ Փաշինեան շարունակեց պաշտպանել Հայաստանի անկախ քաղաքական գիծը՝ անտեսելով հզօր պետութիւններու կողմէ Երեւանի վրայ գործադրուած ճնշումները:

«Երբ մենք կ՛ըսենք, որ մեզի համար կարեւորը մեր երկրի ինքնիշխանութիւնն է՝ մենք նկատի չունինք, որ կախուածութիւնը Ա. կէտէն (Ռուսաստան) պէտք է փոխարինենք Բ. կէտի (Միացեալ Նահանգներ) կախուածութեամբ: Մենք մեր ինքնիշխանութեան նկատմամբ շատ լուրջ կը վերաբերինք, եւ ես ձեզի կ՛ուզեմ հաւաստիացնել … որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է մեր երկրի ու ժողովուրդի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ, բոլոր ուղղութիւններով»:

Արդարեւ, նախագահ Թրամփի վարչակազմը մինչեւ այսօր միայն խօսքերով զօրակցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տրամաթիկ եւ խաղաղ փոփոխութիւններուն: Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Թրամփ շնորհաւորական պատգամ յղեց Փաշինեանին՝ բարձր գնահատելով «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնել նոր կառավարութեան՝ իրականացնելու լայնածաւալ բարեփոխումներ: Նմանապէս, պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ ողջունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «ուշագրաւ փոփոխութիւնները»: Սակայն այդ գեղեցիկ խօսքերը մնացած են թուղթի վրայ: Հայաստանին օգնելու համար ցարդ որեւէ յստակ քայլ չէ առնուած: Սա մասամբ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Թրամփի վարչակազմը անհոգ է օտար պետութիւններու մէջ ժողովրդավարական զարգացումներու գծով, ինչպես նաեւ Թրամփի՝ իր սեփական եսի եւ անձնական շահերու վրայ կեդրոնացած ըլլալուն պատճառով…

Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը շատ դրական զարգացում մըն է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար եւ կտրուկ շրջադարձ՝ Հայաստանի նախորդ ղեկավարներու դիրքորոշումէն: Մինչեւ օրս Հայաստանի վրայ ճնշումներուն մեծ մասը կու գար Ռուսիայէն: Սա անխուսափելի փաստ է՝ հաշուի առնելով Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական կախուածութիւնը Ռուսիայէն: Նոր զարգացումը այն է, որ Հայաստանի ղեկավարները այլեւս չեն փափաքիր կուրօրէն ենթարկուիլ Ռուսիոյ ցանկութիւններուն եւ հրամաններուն՝ ոտնահարելով իրենց սեփական երկրի ինքնիշխանութիւնը: Երբ Հայաստանի շահերը հարցականի տակ էին՝ Փաշինեան չխուսափեցաւ Եւրոպական Միութիւնը քննադատելէ, ոչ ալ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատումէն‘ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած քննարկումներուն ընթացքին:

Եթէ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքի սիրաշահիլ Հայաստանը, ապա պէտք է «քաղցրաւենիք» առաջարկէ՝ «մտրակ»ի փոխարէն: Ինչպէս կ՛ըսեն՝ «կրնաս աւելի շատ ճանճ բռնել մեղրով, քան քացախով»…

Անցեալ շաբթուան երկրորդ ապշեցուցիչ նորութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութիւնն էր Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ընթացքին: «Որպէս պաշտպանութեան նախարար կ՛ըսեմ՝ «տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը ես այսօր վերաբանաձեւած եմ՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ», յայտարարեց Տօնոյեան Նիւ Եորքի հայ համայնքին հետ տեսակցութեան ընթացքին: «Մենք խրամատային վիճակէն, անընդհատ պաշտպանողական վիճակէն պիտի ձերբազատինք եւ պիտի աւելցնենք թուաքանակը այն ստորաբաժանումներուն, որոնք կրնան ռազմական գործողութիւնները տեղափոխել հակառակորդին տարածքը», յայտարարեց Տօնոյեան: «Ոչինչ պիտի զիջուի»:

Թէեւ ոմանք կրնան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին խօսքերը մեկնաբանել իբրեւ ռազմատենչական, սակայն, իրականութեան մէջ, Տօնոյեան նոյն կերպով կ՛արձագանգէ տարիներ շարունակ Ալիեւի բերնէն հնչող հազարաւոր սպառնալիքներու՝ Մեղրին եւ նոյնիսկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը գրաւելու մասին: Ժամանակն է, որ Հայաստանի ղեկավարները խօսին ուժի դիրքերէն, այլ ոչ թէ թուլութեան:

Ակնյայտ է, որ Ալիեւ պատրաստ չէ պատերազմի, այլապէս, ան արդէն յարձակած կ՛ըլլար: Պէտք չէ լուրջի առնել անոր սպառնալիքները: Անհրաժեշտ է լռեցնել զայն՝ հակադարձ սպառնալիքներու միջոցով, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային՝ նախայարձակումներով…

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յստակ պատգամներ կը յղէ Ատրպէյճանի նախագահին, որպէսզի յիմար նախաձեռնութեան մը չդիմէ: Այլապէս, անոր խողովակաշարերը եւ նաւթահորերը յարձակման կ՛ենթարկուին՝ կործանելով երկրին տնտեսութիւնը եւ տապալելով ալիեւեան վարչակարգը: Նշանակալից է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նման հզօր պատգամ կը յղէ Ատրպէյճանի՝ գտնուելով Միացեալ Նահանգներու հողին վրայ…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.com/arm/341853/Հայաստանի-Ղեկավարները-Խիստ-Կեցուածք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail