Թուրքիոյ Մէջ Ինչո՞ւ կը Նուազի Հայերու Թիւը

09 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ փաստաբաններու միութեան նախագահ Մեթին Ֆէյզիօղլուն Խոջալուի դէպքերու տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին հանդէս եկած է հակահայկական ելոյթով:

«Ամէն Ապրիլ 24-ին, ժամանակակից երեւնալու համար, կ՝ըսեն «բոլորս հայ ենք» եւ կը փորձեն ստիպել արեւմտեան աշխարհին, որպէսզի ընդունի ատիկա: Ի հեճուկս ատոր՝ մենք ալ պիտի ըսենք. «բոլորս թուրք ենք»,- ըսած է Ֆէյզիօղլուն:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ այս յայտարարութեան արձագանգած է Պոլսոյ մէջ գործող «Նոր զարթօնք» հայկական նախաձեռնութեան անդամ Մուրատ Մըհչըն: Խօսելով Պոլսոյ հայ համայնքի վիճակին մասին՝ ան ըսած է. «40.000 մարդ մնացած ենք, մեծ մասը տարէց, մնացածներն ալ կամաց-կամաց կ՝երթան այս երկրէն»:

Թրքահայ համայնքի նօսրացման թեմային անդրադարձած Euronews-ի թրքական ծառայութիւնը կը գրէ.

«Ըստ Լոզանի պայմանագրին՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները կը ճանչցուին կրօնի տեսանկիւնէն: Այդ պատճառով ալ հայ բնակչութեան վերաբերեալ տուեալները կը ներառեն միայն քրիստոնեայ հայերը: Հայաստանէն իբրեւ զբօսաշրջիկ եկած ու անօրինական կերպով աշխատող հայերու եւ իրենց հայ համարող իսլամներու քանակին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան»:

Լրատուականը համայնքի նօսրացման թեմայով զրուցած է Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի սիւնակագիր Բագրատ Էսդուգեանի ու «Նոր զարթօնք»ի ներկայացուցիչ Մուրատ Մըհչըի հետ:

Էսդուգեան կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու թիւին մասին արժանահաւատ տեղեկութիւններ չկան ու կ՝աւելցնէ. «Հայաստանէն իբրեւ զբօսաշրջկ այստեղ եկած ու անօրինական կերպով այստեղ աշխատողներուն թիւը կրնան գիտնալ ոստիկանութեան անձնագրային վարչութենէն: Ձեւականօրէն իսլամացած հայերուն թիւը գիտնալը անհնար է»:

«Ակօս թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք յանցագործութիւնը դատապարտելու նպատակով հնչեցուող «բոլորս հայ ենք» կարգախօսը ապտակի ազդեցութիւն ունեցաւ «հայ» անունը շարունակաբար հայհոյանք համարած մտածողութեան վրայ: Այդ կարգախօսի հնչելէն անմիջապէս յետոյ իրենց յանցագործի հետ նոյնացնողները հնչեցուցին «բոլորս Օկիւն ենք, բոլորս թուրք ենք» կարգախօսը»,- կ՝ըսէ Էսդուգեան՝ ակնարկելով, որ պոլսահայերու հեռանալու պատճառներէն մէկն ալ հասարակութեան մէջ առկայ ոչ բարեացկամ վերաբերմունքն է իրենց նկատմամբ:

Ըստ Էսդուգեանի՝ թրքահայերու յատկապէս երիտասարդ հատուածը առկայ քաղաքական ու տնտեսական մթնոլորտին մէջ իրեն համար լաւ ապագայ չի տեսներ Թուրքիոյ մէջ: Ան կը նշէ, որ խնդիրներու շարքին են նաեւ երեխաները իմամ հաթիփ (իսլամական ուղղուածութիւն ունեցող) դպրոցներ ուղղորդումը, այնտեղ, ինչպէս նաեւ համալսարաններու մէջ կրթութեան մակարդակի յետընթացը:

Իբրեւ այլ միտում՝ Էսդուգեան առանձնացուցած է հայ երիտասարդներու՝ ուսման նպատակով Եւրոպա մեկնիլն ու գործերը վատացած փոքր գործարարներու կամ արհեստաւորներու Հայաստան մեկնիլը՝ այնտեղ գործ սկսելու նպատակով:

Հայկական «Նոր զարթօնք»ի ներկայացուցիչ ու քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ անդամ Մուրատ Մըհչըն կը նշէ, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ համակարգուած կերպով թիրախ կը դարձնեն ու իբրեւ օրինակ կը բերեն Թուրքիոյ փաստաբաններու միութեան նախագահ Մեթին Ֆէյզիօղլուի վերջին հակահայկական յայտարարութիւնները:

«Համաձայն Հրանդ Տինք հիմնադրամի «Մետիայի մէջ ատելութեան խօսքի ու խտրականութեան խօսքի մասին 2017 թուականի զեկոյցին՝ հայերը ամենաշատ ատելութեան խօսքի թիրախին յայտնուած 3-րդ խումբն են»,- կ՝ըսէ Մըհչը ու կ՝աւելցնէ, որ Թուրքիայէն հայերու հեռանալու հարցով մեծ դեր ունին նաեւ իշխանութիւնները եւ անոնց հետ կապուած շրջանակներու խտրական յայտարարութիւնները:

Մըհչը կը նշէ, որ իրենք կը զգան համայնքի քանակին աստիճանական նուազումը՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ համայնքի թիւին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան հրապարակուած:

«Հայկական դպրոցներ յաճախողներու արտասահման երթալու դէպքերը շատցած են: Յատկապէս համալսարանական տարիքի երիտասրդները ուսման նպատակով կը մեկնին արտերկիր ու չեն վերադառնար: Ուսանողներն ու անոնց ընտանիքները դուրս երթալու միտում ունին: Դիւրին չէ այստեղ ձգել ամէն ինչ ու արտագաղթել անծանօթ երկիրներ, սակայն ցաւալիօրէն այդ գործընթացը կը շարունակուի»,- կ՝եզրափակէ Մուրատ Մըհչը:

yerakouyn.com/2019/04/09/թուրքիոյ-մէջ-ինչո՞ւ-կը-նուազի-հայերու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail