Ռուսիա Արգիլեց Ապահովութեան Խորհուրդի` Զօր. Հաֆթարի Ուժերը Դատապարտող Հաղորդագրութեան Հրապարակումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ

09 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ուաշինկթըն Զօր. Հաֆթարէն Կը Պահանջէ Անմիջապէս Դադրեցնել Լիպիոյ Մայրաքաղաքին Դէմ Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած ուժերէն պահանջեց անմիջապէս դադրեցնել Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ յարձակումը:

«Միացեալ Նահանգներ խոր մտահոգութիւն կը զգան Թրիփոլիի մօտ տեղի ունեցող կռիւներուն նկատմամբ եւ Խալիֆա Հաֆթարի զինուորական յարձակումին դէմ են», աւելցուց ան` նշելով, որ իր երկիրը միջազգային գործընկերներու հետ կը շարունակէ ճնշում բանեցնել լիպիացի ղեկավարներուն վրայ, որպէսզի Լիպիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Ղասսան Սալամէի միջնորդութեամբ քաղաքական բանակցութիւններուն վերադառնան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը առնչակից բոլոր կողմերը պատասխանատու նկատեց ներկայ լարուածութեան մագլցումին:

«Թրիփոլիի դէմ զինուորական յարձակումը կը վտանգէ քաղաքայինները եւ կ՛ականահարէ բոլոր լիպիացիներուն համար աւելի լաւ ապագայի մը կարելիութիւնները», նշեց Փոմփէօ:

Մինչ այդ, Ռուսիան արգելք հանդիսացաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ նախագահական հաղորդագրութեան մը որդեգրման, որ Լիպիական ազգային բանակի հրամանատար զօր. Հաֆթարի ուժերուն կոչ կ՛ուղղէր` դադրեցնելու Թրիփոլիի դէմ իր յարձակումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներու:

ՄԱԿ-ի մօտ ռուսական պատուիրակութիւնը պահանջեց բարեփոխել հաղորդագրութեան բնագիրը, որպէսզի ո՛չ միայն զօր. Հաֆթարի ուժերուն, այլ նաեւ լիպիական զինեալ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղէ բախումները դադրեցնելու:

Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Միացեալ Նահանգներ մերժած են բարեփոխման ռուսական առաջարկը, ինչ որ Մոսկուան մղած է վիժեցնելու հաղորդագրութեան հրապարակումը` նկատի ունենալով, որ Ապահովութեան խորհուրդի հաղորդագրութիւններուն հրապարակումը կը կարօտի միաձայնութեան:

Նշենք, որ նիստը գումարուեցաւ Բրիտանիոյ պահանջով:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահական պալատէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ֆրանսան Լիպիոյ մէջ գաղտնի օրակարգ չունի»:

«Լիպիական բանակէն Թրիփոլիի գործողութեան շուրջ նախապէս զգուշացում չստացանք», ըսաւ ան:

«Կը զօրակցինք վարչապետ Ֆայեզ Սիրաժի իշխանութեան վրայ մնալուն` բանակցութեան ճամբով Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու համար», շեշտեց Էլիզէ պալատի պաշտօնատարը:

aztagdaily.com/archives/434001

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail