09 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թրամփ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Հռչակեց. Թեհրան Հակադարձեց
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտարարեց, թէ իր երկիրը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը կը նկատէ ահաբեկչական օտարերկրեայ կազմակերպութիւն: Ասիկա առաջին անգամն է, որ Ուաշինկթըն այլ երկրի մը զինուորական ուժը կը նկատէ ահաբեկչական խմբաւորում:
Թրամփ աւելցուց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իրանի վրայ ելեւմտական ճնշումը` ահաբեկչական գործունէութիւններուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած աջակցութեան պատճառով:
Փենթակոն իր կարգին յայտնեց, թէ պատրաստ է գործադրելու Թրամփի որոշումը` աւելցնելով, որ ամերիկեան ուժերը պաշտպանելու համար նախազգուշական քայլեր որդեգրած է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Թրամփի որոշումը ի զօրու պիտի դառնայ «մէկ շաբթուան ընթացքին»: «Այսօրուան մեր որակումը յստակ կը դարձնէ, թէ իրանեան վարչակարգը ո՛չ միայն ահաբեկչութեան կ’աջակցի, այլ նաեւ անոր մասնակից է», ըսաւ Փոմփէօ` աւելցնելով. «Իրան ահաբեկչական խմբաւորումներուն կ’աջակցի, եւ այս որակումը աննախադէպ ճնշումի կ’ենթարկէ Իրանն ու Քասեմ Սլէյմանիի պէս անձերը»:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի կողմէ ամերիկեան բանակը ահաբեկչական խմբաւորում նկատելու մտադրութեան, Փոմփէօ յայտնեց. «Ամերիկայի դէմ որեւէ յարձակում գործելէ առաջ պէտք է լաւ մտածել»:
Յայտնենք, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի կիրակի օր սպառնացած էր, որ եթէ Ուաշինկթըն իր ղեկավարած ուժերը ահաբեկչական նկատէ, «ապա ամերիկեան բանակը արեւմտեան Ասիոյ մէջ հանգիստ պիտի չունենայ»:
«(Իրան) պէտք է գործադրէ մեր նախապէս յայտարարած 12 կէտերը, եւ աշխարհի ընկերութիւնները պէտք է Իրանի հետ առնչութիւն չունենալու պատասխանատուութիւն ունենան», ըսաւ Փոմփէօ` աւելցնելով. «Լիբանանեան ղեկավարութեան յստակ դարձուցի, թէ Ամերիկան Հըզպալլայի շարունակուող վերելքին նկատմամբ աչք պիտի չփակէ»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնեց` իր «կարեւոր մէկ խնդրանքը» կատարելուն համար:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդը ամերիկեան քայլին հակադարձելով յայտարարեց, թէ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնն ու անոր հրամանատարութեան տակ գտնուող բոլոր ուժերը ահաբեկչական են` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակարգը ահաբեկչութեան աջակցող կառավարութիւն մըն է:
aztagdaily.com/archives/433999