Պաշտպանութեան Փոխնախարար. «Հայաստանը Գրոհային Ստորաբաժանումները Աւելցնելու Փուլին Մէջ Է»

10 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հայաստանը գրոհային ստորաբաժանումները աւելցնելու փուլին մէջ է. սպառազինութեան, ռազմական-արհեստագիտական առումով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեսլականը ուղղուած է անոր: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան` անդրադառնալով Նիւ Եորքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութեան, որ Հայաստանը պիտի աւելցնէ գրոհային ստորաբաժանումները:

«Պաշտպանութեան նախարարը ո՛չ միայն յայտարարած է, թէ պէտք է աւելցնենք, այլ նաեւ կրնամ ըսել, որ մենք այդ փուլին մէջ ենք, այդ կարգին` սպառազինութեան, ռազմական- արհեստագիտութեան առումով մեր տեսլականը միտուած է անոր», ըսաւ Բալայեան:

Բալայեան շեշտեց նաեւ, որ ամբողջ հասարակութիւնը պէտք է կարենայ ընկալել, որ խաղաղութիւնը ոչ ոք նուէր տուած է Հայաստանին: «Այն յարաբերական անդորրը, որ կայ, պարտադրուած է թշնամիին: Եւ եթէ թշնամին նորէն փորձէ պատերազմ սանձազերծել, մենք նորէն պիտի պարտադրենք խաղաղութիւն», ըսաւ փոխնախարարը եւ նշեց, որ խաղաղութիւն պարտադրելու ձեւերը տարբեր են` ռազմական, դիւանագիտական, անձնական շփումներու միջոցով եւ այլն:

aztagdaily.com/archives/434193

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail