Սէյիտ Նասրալլա. «Միացեալ Նահանգները Ահաբեկչական Վարչակազմ Են` Մտքով, Գործով Ու Մշակոյթով»

11 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ «Դիմադրութեան վիրաւոր մարտիկ»-ի օրուան առիթով արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ վիրաւորները կենդանի նահատակներ են, որոնք ականատեսներն են Լիբանանի նուաճումներուն, յաղթանակներուն, ներքին ապահովութեան ու խաղաղութեան, թշնամիին ուժը հաւասարակշռելու իրականութեան, ինչպէս նաեւ կայունութեան, որ անոնց ջանքերուն շնորհիւ հաստատուած է:

«Այս բոլորը Լիբանանի մէջ կարելի չեղաւ Միացեալ Նահանգներու շնորհիւ իրականացնել, այլ` իւրաքանչիւր նահատակի ու վիրաւորուած մարտիկի զոհողութիւններուն շնորհիւ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու ամերիկեան վարչակազմը ո՛չ միայն կը զօրակցին ահաբեկչութեան, այլեւ` ահաբեկչական վարչակազմ կը նկատուին` մտքով, գործով ու մշակոյթով», շեշտեց ան:

Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները ամբողջ ժողովուրդ մը կը վարկաբեկեն` ի շահ Իսրայէլի, ընդգծելով, որ արաբները պէտք է նեցուկ կանգնին Իրանին, որպէս իսլամական կրօնի պաշտպան երկիր:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ միշտ կը զօրակցին Իսրայէլին` շեշտելով, որ լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ իրենց շահերը ամերիկեան սադրանքներուն հետեւելու մէջ չեն կայանար:

«Իսկ ամերիկեան քայլերուն վրայ գրաւ դնողներուն կ՛ըսենք, որ մեր ձեռքերը կը գործեն եւ ընտրանքները լայն են, իսկ եթէ կարիք զգացուի, որ որդեգրուած որեւէ քայլի դէմ հակազդեցութիւն արձանագրուի, ապա մենք համապատասխան կերպով պիտի հակազդենք», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

ՆՇԵՆՔ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շեշտեց, որ Իրան կը ձգտի իրանեան հրթիռային համակարգ հաստատել Լիբանանի մէջ` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ ընդհարումի վտանգը իսկական է:

aztagdaily.com/archives/434298

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail