Իտալիոյ Խորհրդարանը Կառավարութեան Կոչ Ուղղեց` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

11 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իտալիոյ խորհրդարանը 10 ապրիլին որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն մէջ երկրին կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի` «պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ անոր տալու միջազգային արժեւորում: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս լուրը հաղորդած է իտալական «ԱՆՍԱ» գործակալութիւնը:

Բանաձեւին թեր քուէարկած են 382 երեսփոխաններ, 43 ուրիշներ մնացած են ձեռնպահ, ոչ ոք դէմ քուէարկած է:

Անդրադառնալով Իտալիոյ Խորհրդարանի որոշումին` Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, թէ «նշեալ որոշումը կ՛անտեսէ պատմական իրականութիւնները»:

aztagdaily.com/archives/434329

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail