11 ԱՊՐԻԼ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կոշտ արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան ազգային յիշատակի օր ճանչնալու մասին հրամանագիրին: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Չաւուշօղլուն գրած է Twitter-ի իր էջին:
Մեւլութ Չաւուշօղլուն պնդած է, որ այդ հրամանագիրը կը խախտէ ՄԻԵԴ-ի եւ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի որոշումները:
«Մաքրոնը նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հայերուն տուած խոստումները իրականացնելով` կրկին կը դիմէ փոփուլիզմի։ Նախ եւ առաջ թող իր մութ պատմութեան հայեացք նետէ: Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ցայսօր կէս դար անցած է»,- ըսած է արտաքին գործոց նախարարը։
Յիշեցնենք, որ ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Ապրիլ 10-ին, ստորագրած էր Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր ճանչնալու մասին հրամանագիրը։
y erakouyn.com/2019/04/11/թուրքիոյ-արտաքին-գործոց-նախարարը-կոշ/