26 հոկտեմբեր 2015
Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) անդամ հայ Գարօ Փայլանը յայտնած է, որ կուսակցութեան նախընտարական ծրագրին մէջ ցեղասպանութիւններու հետ առերեսուելու մասին կէտ կայ:
Ըստ Ermenihaber.am-ի` թրքական «Pressturk» լրատուական կայքին մէջ հրապարակուած հարցարոյցին մէջ Փայլանը ընդգծած է, որ նախընտրական ծրագրին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը չէ յայտնուած զուտ այն պատճառով, որ կան նաեւ ասորիներու, պոնտացի յոյներու ցեղասպանութիւնները: «Մենք մեր ծրագրին մէջ կը նշենք, որ բոլոր ցեղասպանութիւններուն հետ առերեսուելու համար պէտք է ստեղծուին համապատասխան յանձնաժողովներ եւ պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ»,- ընդգծած է Փայլանը:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, հայ պատգամաւորը ըսած է, որ այդ հարցին վերաբերեալ ԺԴԿ-ի քոնկրէսին որոշումը կայ, նաեւ անիկա ներառուած է կուսակցութեան կանոնադրութեան մէջ:
Փայլան յիշեցուցած է, որ ԺԴԿ համանախագահ Սելլահաթին Տէմիրթաշ բազմիցս արտայայտած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր տեսակէտը: «Իմ կուսակցութիւնը գիտէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւն ըսելով քուէ չի շահիր: Հակառան անոր առերեսուիլը մեր սկզբունքներուն հիմքն է, եւ գիտենք, որ առանց առերեսուելու չենք կրնար դատապարտել գոյութիւն ունեցող չար մտածելակերպը»,- նշած է Փայլան` աւելցնելով, որ այն աղէտը, որուն մէջէն անցած է հայ ժողովուրդը, ցեղասպանութիւն կը կոչուի:
ԵՐԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com