Պահը Լրջութիւն Կը Թելադրէ – ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

12 ԱՊՐԻԼ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ.- Վարչապետն ու ԱԺ-ի նախագահը իրենց լուացքի մեքենայով ու հեռատեսիլով զբաղեցուցին հանրութիւնը:

Վարչապետը «բացումը» կատարեց Երեւան-Գիւմրի արագ գնացքին, որուն բացումը արդէն իսկ կատարուած էր տարի մը առաջ (թերեւս քիչ մըն ալ աւելի, կամ պակաս) նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ…

ԱԺ-ի յանձնաժողովներէն մէկուն ընթացքին ներս կը հրաւիրուի եւ բեմ կը տրամադրուի օրակարգէն դուրս, օրակարգին հետ բնաւ կապ չունեցող խօսքի մը համար (անկախ խօսողին սեռային ճաշակէն)` դուռ բանալով համարժէք հակազդեցութեան:

Հայաստանի գործատուներու միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեան վարչապետին կ՛այցելէ «գործարարներու» պատուիրակութեամբ մը, եւ կը խօսուի Հայաստանի մէջ (կիսա)առասպելական գումարներով ներդրումներու մասին: Չհասկցանք, թէ որո՞նք էին այդ «գործարարները». պաշտօնական լրատուութեան մէջ ո՛չ անունի հանդիպեցանք, ոչ ալ իւրաքանչիւրին գործարարական ծիրին կամ բնագաւառին մասին որեւէ տեղեկութեան:

Այսպէս, մեր հանրութիւնը կը տուայտի իշխանական օղակներէն սնուցուող ու այս մակարդակի «շօ»-երով, փոխադարձ անարգանքներու, հայհոյանքներու, ծաղրանքի` ասելի ու անասելի ածականներով հանդերձ:

Մէկ խօսքով, անհիմն լուրերու եւ կեղծ քարոզչութեան բերումով մտահոգիչ պառակտուածութեան լայն պաստառ մը կը պարզուի մեր դիմաց:

ՄԻՆՉԴԵՌ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ.- Նախագահը, փոխնախագահն ու պաշտպանական համակարգի ղեկավար Զաքիր Հասանովը ֆիզիքական սպառնալիքներ կը տեղացնեն Հայաստանի ու հայութեան հասցէին: Հասանովը մինչեւ իսկ կը սպառնայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին հետ «հանդիպիլ»… Երեւանի՛ մէջ:

Այս երկու հակասական պատկերները իրականութիւն են: Առաջին հերթին ՀՀ իշխանութիւննե՛րն են, որոնք պիտի գիտնան սանձել իրենք զիրենք, որպէսզի կարելի ըլլայ ազգային հաւաքական կամք ստեղծել: Իսկ եթէ իրենք չեն կրնար (կամ չեն ուզեր) այդ կամքի ստեղծումն ու ամրապնդումը, գէթ թող չխանգարեն այդ գործին լծուած ուժերուն գործը:

Պահը լրջութիւն կը թելադրէ պարոնա՛յք իշխանաւորներ:

Յ. Գ.- Ոչ ոք թող փորձէ համակրանք կամ հակակրանք տեսնել այս միտքերուն ետին:

aztagdaily.com/archives/434421

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail