12 ԱՊՐԻԼ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Լսեցինք վարչապետ Փաշինեանի ուշագրաւ ճառը Երկրապահ կամաւորականներու միութեան 12-րդ համագումարի ամպիոնէն, ուր պր. վարչապետը շարք մը լուսաբանութիւններ կը հայթայթէ Փաշինեան-Ալիեւ Վիեննայի հանդիպման եւ առհասարակ արցախեան հիմնահարցի միջազգային բանակցութիւններու ներկայ փուլին մասին: Յատկապէս կարեւոր է պր. վարչապետին հաստատումը Մատրիտեան սկզբունքներու էութեան մասին: Պր. վարչապետը յիշեալ սկզբունքներուն կորիզը ներկայացնող երկուութիւնը անլուրջ եւ անընդունելի կը համարէ եւ կը մերժէ օրակարգի նիւթ համարել զանոնք` մինչեւ յիշեալ երկուութեան պարզաբանումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան կողմէ: Ան նաեւ կը պնդէ, որ լուծման որեւէ տարբերակ պէտք է ունենայ հաւանութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն® Եւ վերջապէս, պր. վարչապետը կը յայտարարէ, որ Հայաստան պիտի հետապնդէ «խաղաղութեան ռազմավարութիւն»` թէկուզ զայն պարտադրելով թշնամի կողմին:
Պէտք է ողջունել պր. վարչապետը Մատրիտեան սկզբունքներու էութիւնը դիմակազերծելուն համար: Կը թուի, թէ դիւանագիտութիւնը դրուած է իր օրկանական հակասութեան առջեւ եւ, վերջապէս, հայկական կողմը կը խօսի սանձերուն տիրապետողի դիրքերէ: Պարզ խօսքով, Մատրիտեան գործընթացը կասեցուած է: Այլ կերպ կարելի չէ բացատրել պր. վարչապետին պատգամը: Եւ այն «խաղաղութեան ռազմավարութիւնը», որուն ինք կ՛ակնարկէ, արդէն իսկ արժեզրկուած է` որպէս բառապաշար, Իլհամ Ալիեւին կողմէ: Ալիեւ կը պատրաստուի պատերազմի: Բնականաբար խաղաղութիւնը հայկական կողմի անզիջելի նպատակն է եւ այդ մէկը պիտի չփոխուի: Բայց այսօր մեր երկիրը կը դիմագրաւէ պատերազմի սպառնալիքը: Իլհամ Ալիեւ պր. վարչապետին խաղաղութեան անկեղծ մարտահրաւէրը պէտք է ընդունի, առաջին հերթին, որպէս անզուգական պատեհութիւն մը իր երկիրը դուրս բերելու այս դժոխքէն, բայց եւ որպէս ճկուն ու նոյն ատեն անսխալական վերջնագիր որեւէ մոլորութեան գինը ծանր վճարելու:
Խօսելով ժողովուրդներու կամարտայայտութեան մասին, ժողովրդավարական համակարգերու մէջ, ժողովուրդները կը խօսին իրենց ընտրեալ ներկայացուցիչներուն միջոցով: Ազրպէյճանի ժողովուրդը առայժմ զրկուած է այդ կարելիութենէն: Հետեւաբար այստեղ եւս գործընթացը փակուղիի մէջ է:
Հիմնուելով բոլոր վերոյիշեալ հաստատումներուն վրայ` պէտք է եզրակացնել ուրեմն, որ Վիեննան աւելի եւս խորացուցած է փակուղին, որ գոյացած էր տարիներու ընթացքին Մատրիտեան սկզբունքներու գործընթացով: Եւ փակուղին այլ բան չէ, եթէ ոչ` ազրպէյճանական նոր արկածախնդրութեան մը հետզհետէ շեշտուող հաւանականութիւնը:
aztagdaily.com/archives/434420