Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը

12 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

Ֆրանսայի նախագահական թիւ 2019-219 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն, 10 Ապրիլին հրապարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Այս հրամանագիրը հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի գործադրուած խոստումն է, զոր տուած էր հայ համայնքին՝ տարի մը առաջ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին ընթացքին: Այս հրամանագիրին հիմամբ, այսուհետեւ 24 Ապրիլը ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին կը նկատուի պաշտօնական տօն եւ մաս կը կազմէ կառավարութեան պաշտօնական օրացոյցին: Իմա՛, 24 Ապրիլը կը նկատուի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր ամբողջ Հանրապետութեան տարածքին:

Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ այս որոշումը, որուն ձեռքբերման համար անդուլ պայքար մղած ենք 1965էն ի վեր: Իսկ 2012էն ասդին, երկու նախագահներ, մէկ վարչապետ եւ բազմաթիւ նախարարներ մասնակցած են Ապրիլ 24ի ժողովրդային միթինկի եւ արտասանած՝ իրենց խօսքը: Աւելին, նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեկնեցաւ Երեւան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ մասնակցեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկին: Առ այդ, սոյն հրամանագիրը մենք կը նկատենք նաեւ բարոյական արդար վարձատրութիւն՝ Հայ Դատի իւրաքանչիւր զինուորի համար:

Հայ Դատի յանձնախումբը պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու որեւէ քաղաքի պետական մարմինի, որ իր քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ 24 Ապրիլի ոգեկոչման ձեռնարկ:

Նախագահական հրամանագիրով ուժի մէջ մտած այս պետական հռչակագիրը նաեւ լաւագոյն առիթն է գործնապէս պայքարելու ժխտողականութեան դէմ, ինչպէս յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը. «Յանուն արդարութեան պայքարը եւ ճանաչումը մե՛ր պայքարն է՝ զայն յիշելով ու յիշատակելով ու զայն տեղադրելով ամբողջ Հանրապետութեան յիշատակման օրացոյցին մէջ»:

asbarez.com/arm/342657/Ֆրանսայի-Հայ-Դատի-Յանձնախումբին-Յայտ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail