26 հոկտեմբեր 2015
Կը թուի, որ սուրիական պատերազմին ռուսական օդուժի միջամտութիւնը հարցի լուծման փուլային տարբերակի եղանակով կ՛առաջնորդուի: Կը խօսուի սուրիական կառավարական ուժերու յառաջխաղացքին, որոշ շրջաններու ազատագրման, ՏԱՀԵՇ-ի հսկայական կորուստներու մասին, միաժամանակ սակայն գետնի վրայ ուղղակի բեկումնային պահ եւ կայծակնային կտրուկ փոփոխութիւններու իրավիճակ չի պարզուիր: Փուլայինի վարքագիծին կը ներառուին ծովեզերեայ Սուրիան, զայն դարպասող շրջաններն ու ռազմավարական այլ կէտեր վերահսկողութեան տակ առնելու զինուորական քայլերը. մինչ կը բացակայի տակաւին ցամաքային մեծ ընդհարումներու պահերու յառաջացումը:
Տեղեկատուական պատերազմին մէջ ուշագրաւ է ռուսական պաշտօնական շրջանակներէ հնչած «սուրբ պատերազմ» բառակապակցութիւնը: Այս ըսելաձեւը պարզապէս օդուժի միջամտութեան տրուած բնութագրում չէ, այլ յայտնապէս ժամանակաւոր, որոշ նպատակի մը համար օգտագործուած է:
Նախ ՏԱՀԵՇ-ի անունին կրօնական որակումին դիմաց, կրօնական որակումի համապատասխան բառեզրի որդեգրում է, ինչ որ պատերազմին կու տայ կրօնական գունաւորում: Այսինքն, տարածաշրջանը ծայրայեղ իսլամականացնողներուն դէմ խաչակրութիւն մըն է յայտարարուածը, որ կը միտի փրկել տարածաշրջանի ժողովուրդները (ո՛չ միայն քրիստոնեաները, այլ նաեւ իսլամ զանգուածները) ծայրայեղ իսլամականացման վտանգէն:
Այս ինքնաբնութագրումը կատարելով, Ռուսիան միաժամանակ քանի մը նպատակ կը հետապնդէ:
Նախ, տեղւոյն ժողովուրդներն ու յատկապէս քրիստոնեայ մնացորդացը համոզել, որ ռուս ուղղափառութիւնը կամ քաղաքական ընկալումով արեւմտեան պատժամիջոցներու ենթարկուած Ռուսիան է, որ միայնակ կը ստանձնէ զիրենք փրկելու պարտականութիւնը:
Ապա նոյնինքն Արեւմուտքի հասարակութեան մօտ հանրային կարծիք ստեղծել, որ աշխարհին պատուհաս դարձած իսլամական ահաբեկչութիւնը վնասազերծելու համար Ռուսիան տարածաշրջանին մէջ կը վերածուի զինուորական գործօնի` կանխելու համար Միջին Արեւելքէն իսլամական ահաբեկչութեան արտահանումը, որ իր հերթին կը նշանակէ դէպի Արեւմուտք տարածումը:
Ռուսիան ուրեմն, յաչս արեւմտեան հասարակութիւններուն, փրկարարի դիմագիծ կը ստանայ` զիրենք եւս մեծ վտանգէ մը փրկելու: Եւ միտում կայ նոյն զանգուածներուն մօտ հարցականներ ստեղծելու, որ պատժամիջոցներ կ՛որդեգրուին աշխարհի թիւ մէկ վտանգին դէմ պատերազմ յայտարարողին նկատմամբ:
Կայ նաեւ բնական կարգով ինքզինք պարտադրող հարցումը: Միջազգային ընտանիքը, Արեւմուտքը, Միացեալ Նահանգները մնայուն կերպով կը խօսին տարածաշրջանի քրիստոնէութեան վտանգուած ըլլալուն եւ շրջանի ապաքրիստոնէացման միտումներուն մասին: Ահազանգողն ու գործնական միջամտութիւն կատարողները տարբեր միաւորներ են, չըսելու համար տարբեր բեւեռներ:
Զուտ կրօնական հարթութեան վրայ ռուս ուղղափառութիւնը առաւել կ՛արձանագրէ կաթողիկէ Վատիկանի յարաբերակցութեամբ, երբ կ՛օրհնէ ու «սուրբ պատերազմ» կ՛անուանէ ու կ՛ընկալէ ռուսական օդուժին հարուածները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ այդ ճամբով` շրջանի քրիստոնեաները փրկելու գործը:
Բայց… միաժամանակ Ռուսիան պիտի ուզէր, որ իր գործողութիւնները չորակուին կրօնական դրդապատճառներով թելադրուած: Այս պատճառով կայ այնպիսի լուրջ հանգամանք, որ Ռուսիոյ բնակչութեան, որոշ հաշուարկներով, մինչեւ 15 տոկոս կազմող իսլամ բնակչութեան գոյութիւնն է: Յայտնի փաստ է, նաեւ, որ քանի մը հազար ռուս իսլամներ ներկայ դրութեամբ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կը կռուին իսլամ ծայրայեղականներու շարքերուն մէջ: Չմոռնանք նաեւ, որ հարաւային Ռուսիոյ մէջ դեռ կը ծխայ չեչեններուն վառած հրդեհը: Կարելի է յիշել, որ Խրիմը Ռուսիոյ վերակցելու ատեն եւս ռուսական իշխանութիւնը շատ զգուշ գտնուեցաւ ազգայնական-կրօնական առանձնայատկութիւնը տարիներէ ի վեր ընդգծել ձգտող Խրիմի թաթարներու հարցին մէջ: Միւս կողմէ, դատելով այս գործընթացներու ընդմէջէն Միջին Արեւելքի երկիրներու հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութենէն օգտուելու Ռուսիոյ ձգտումը, ան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի իր գործողութիւնները քրիստոնեայ-իսլամ հակադրութեան պրիսմակի ճամբով չդիտուին: Վերջերս ռուսական պաշտօնական շրջանակներէ յայտարարութիւն հնչեց այն մասին թէ, Ռուսիան պիտի չխառնուի շիի-սիւննի փոխյարաբերութիւններու խնդիրներուն: Արժէ յիշել նաեւ, որ ռազմաքաղաքական այս նախաձեռնութեան մէջ Ռուսիան հանդէս կու գայ իր հեռանկարային դաշնակից Իրանի հետ ձեռք-ձեռքի տուած: Իսկ Իրանի տարածաշրջանային ներկայացուցիչ Հըզպալլան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ չի մասնակցիր Միացեալ Նահանգներ – ՏԱՀԵՇ ներկայացման:
Այս հանգամանքները կ՛ընդգծեն, որ «սուրբ պատերազմ»-ի տոքթրինը կարճաժամկէտ մարտավարական բնոյթ ունի: Խնդիրը դարձեալ կրօնական շղարշով կրնայ արծարծուիլ նաեւ իսլամ զանգուածները ծայրայեղական ահաբեկիչներէ փրկելու մօտեցումով եւ մանաւանդ շիի-սիւննի առաջադրուած պատերազմը կանխարգիլելու զինուորական քայլերով: Այս բոլորը քարոզչական եւ տեղեկատուական հարթութեան վրայ պէտք է դիտարկել. խնդիրը սուր կերպով Ռուսիա – Իրան – Սուրիա առանցքի պահպանումն է, ռուսական ազդեցութեան գօտիի գոյութենական կռիւը:
Հիմա տեղեկատուական այս քաղաքականութեան համար մինչեւ որոշ տեղ մը անհրաժեշտ է տեղւոյն քրիստոնեայ բնակչութեան կողմէ ողջունել ռուսական միջամտութիւնը, ի պահանջեալ հարկին զօրակցական բնոյթի ցոյցեր կազմակերպել եւ նման եղանակներով նպաստել Մոսկուայի կիրարկած տեղեկատուական քաղաքականութեան: Առայժմ փակագիծերը աւելի բանալու անհրաժեշտութիւն չի զգացուիր:
Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ» թերթի գլխավոր խմբագիր
http://www.aztagdaily.com/