12 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ:
Այս տարի կը լրանայ ՀՄԸՄ Լոնտոնի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակը: Այս առիթով «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է միութեան ատենապետ Ալենուշ Գրիգորեանսի հետ:
– Յարգելի՛ Ալենուշ: Կը պատմէք ՀՄԸՄ Լոնտոնի մասնաճիւղի հիմնադրութեան պատմութիւնը:
– 1979-ին Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային կազմակերպութեան սկաուտ անդամներէն քանի մը երիտասարդ, որոնք կ՛ուսանէին Անգլիոյ մէջ, միաւորուեցան եւ հիմնեցին սկաուտական միութիւն, որ 1982 թուականին պիտի արմատներ դնէր ու վերածուէր Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ Լոնտոնի մասնաճիւղ:
– Անցնող 40 տարիներուն ընթացքին ՀՄԸՄ Լոնտոնի ամենամեծ ձեռքբերումը, նուաճումը որնէ՞:
– 40 տարիներուն ընթացքին մեր միութեան շարքերէն դուրս եկած են հազարաւոր սկաուտներ ու մարզիկներ, որոնք բացի այն, որ անձնական կեանքի ասպարէզին մէջ դարձան կարեւոր պաշտօնեաներ, ստանձնեցին նաեւ ազգային կարեւորագոյն պարտականութիւններ Անգլիոյ մէջ եւ այլուր:
– Ինչ կրցաւ ՀՄԸՄ–ը տալ լոնտոնեան համայնքին, յատկապէս` երիտասարդներուն:
– ՀՄԸՄ-ի մէջ երիտասարդները կը կազմեն մտերմիկ եւ ջերմ ընկերային շրջանակ: Միասնաբար կը մասնակցին միութենական աշխատանքներուն, ձեռնակներուն եւ բանակումներուն: Անոնք կը ստանան զանազան գիտելիքներ արդիական եւ գործնական միջոցներով: Մեր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը փոքր տարիքէն անոնց կը սորվեցնէ` բարձրանալ եւ բարձրացնել թէ՛ ՀՄԸՄ-ի ծիրէն ներս, եւ թէ՛ կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ:
– Անցեալ տարի Հայաստանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՄԸՄ–ի հիմնադրութեան 100-ամեակը:Կը կարծեմ, դուք եւս մասնակցած էք: Եթէ այո, կը պատմէ՞ք, թէ ՀՄԸՄ Լոնտոնի անդամներն ինչ տպաւորութիւններով վերադարձած են Հայաստանէն:
– Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները մեծ դեր կը խաղան ամրապնդելու Սփիւռքի երիտասարդներու կապերը հայրենիքի հետ: Անոնք կը վերադառնան աւելի մեծ հպարտութեան զգացումներով` թէ՛ իրենց պատմութեան եւ արմատներուն, թէ՛ այս կազմակերպութեան անդամ ըլլալու համար:
– Ինչպէ՞ս կը նախատեսէք տօնել հիմնադրութեան 40-ամեակը, ի՞նչ ձեռնարկներ,ծրագիրներ նախատեսուած են:
– ՀՄԸՄ Լոնտոնի 40ամեակի տօնակատարութիւնները սկիզբ առին դեռեւս յունուարին, երբ ընդունելութիւն կազմակերպեցինք մեր անդամներուն եւ համայնքի կազմակերպութիւններու նեկայացուցիչներուն եւ երեւելի դէմքերու ներկայութեամբ:
Մարտ 23-ին մեծ շուքով նշեցինք մեր տարեդարձը, որուն ներկայ էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի շրջաններու ատենապետներ եւ վարչական անդամներ: Սոյն ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Իլինկի քաղաքապետարանի սրահին մէջ, ուր նաեւ ներկայ էին աւելի քան երկու հարիւր անդամներ եւ հիւրեր: Յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ ամառնային Համաեւրոպական բանակումը, որ նուիրուած է նաեւ մեր 40-ամեակին:
– Եւ վերջին հարցը. Ձեր կարծիքով ի՞նչ է ՀՄԸՄ-ը Սփիւռքի մէջ, մարզական, սկաուտական միութիւն, թէ՞….
– ՀՄԸՄ-ի նպատակն է մարզական եւ սկաուտական միջոցներով համախմբել հայ փոքրիկները, երիտասարդներն ու ընտանիքները: Անոնց միաւորելով` կը ստեղծենք աւելի մեծ ընտանիք` կազմուած քոյրերէ եւ եղբայներէ, օժտուած հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հարուստ գիտելիքներով, որոնք կը դառնան օրինակելի, կարգապահ եւ ազնիւ քաղաքացիներ` ծառայելով մեր ազգին ու հայրենիքին:
Լուսինէ Աբրահամեան
hayernaysor.am/cl/archives/308511