Խմբագրական. Ցեղասպանութիւն Ընդդէմ Ցեղասպանութեան. Անգարայի Պատմութիւնը Վերաշարադրելու Փորձը

16 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հերթական անգամ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին որեւէ պետութիւն պաշտօնական բարձրաձայնում կատարէ, Անգարայի հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ այնքան կարծր, որ դիւանագիտական տագնապի նախանիշ փոխանցած ըլլալու համոզում կը փոխանցէ: Աւելի՛ն. հայ քաղաքական միտքը կը սպասէ դեսպանի ժամանակաւոր տունդարձին` գիտնալով, որ ցուցադրական տունդարձէն կարճատեւ ժամանակ ետք պիտի հետեւի ստուերի մէջ լուռ վերադարձ պաշտօնին: Այսինքն, ըստ էութեան, դիւանագիտական տագնապ պիտի չգոյանայ, այլ` պարզապէս գուցէ ներքին-արտաքին սպառումներու համար որոշ յայտարարողական եւ դիւանագիտական ներկայացման արարներու շարքի դրսեւորում արձանագրուի:

ՕԹԱՆ-ի շրջանակներուն մէջ Անգարայի եւ Փարիզի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած պատահարը յայտարարողականէն եւ դիւանագիտական հերթական արարէն քայլ մը անդին գացող երեւոյթ էր: Պատահարը «դիւանագիտական միջադէպ» բառեզրերով կը բնութագրուի: Հեռակայ անուղղակի բանավէճի փոխարէն միջազգային կազմակերպութեան մը ատեանէն Փարիզին դասեր տալու եւ Ֆրանսան իբրեւ ցեղասպան պետութիւն ամբաստանելու արարքն էր, որ կը գործադրուէր պաշտօնապէս: Անկախ Փարիզի ներկայացուցիչին պատշաճ հակազդեցութենէն, պատահարի դրդապատճառներուն, շարժառիթներուն եւ հաւանական հետեւանքներուն մասին կարեւոր է դիտարկումնային տեսութիւններ լոյսին բերելը:

Նախ անշուշտ, պէտք է ըսել, որ խնդիրը Անգարայի բուռն հակազդեցութեամբ թեւակոխած է դիւանագիտական միջադէպի փուլ: Այս չի նշանակեր, որ դիւանագիտական կապերու առկախումի ընթացակարգի մեկնարկի մասին է խօսքը: Նկատենք անմիջապէս, որ ֆրանսայի հանրային կարծիքին եւ ֆրանսացի ժողովուրդին մօտ Անգարայի նկատմամբ գոյացած կարծրատիպը այսպիսով ո՛չ միայն աւելի կը հանգչի, այլ նաեւ երկար կտրուածքով արմատացած համոզումի կը վերածուի:

Փաստօրէն ցեղասպանագործութեամբ ամբաստանուող պետութիւնը մարտավարական փոփոխութիւն կը բերէ իր մօտեցումներուն մէջ. կը հերքէ, կը ժխտէ եւ ցեղասպանագործութեամբ կ՛ամբաստանէ զինք ցեղասպան կոչող պետութիւնը: Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ Անգարայի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Ռուանտան եւ Ալճերիան իբրեւ օրինակ կը բերէ հակազդելու համար Հայոց ցեղասպանութեան հարցը արծարծող պետութեան առած քայլերուն: Խնդիրը այս պարագային հեռակայ բանավիճային յայտարարութիւնները միջազգային կազմակերպութեան ատեան տեղափոխելն է, որ առիթ կու տայ դիւանագիտական միջադէպի:

Անգարան սակայն նախ անհամեմատելին համեմատելով, ըստ էութեան ժխտողականութեամբ հանդէս կու գայ ո՛չ միայն իր սեփական պատմութեան, այլ նաեւ Ֆրանսայի եւ այս պարագային Ռուանտայի, Ալճերիոյ պատմութիւններուն նկատմամբ: Ո՛չ Ռուանտան, ո՛չ Ալճերիան նման պահանջներով չեն ներկայացած պաշտօնական Փարիզին: Քաղաքական շահարկումներու մղումները ժխտողականութեան համատարածումով նոր տարածքներ կը գրաւեն` այս անգամ ներառելով առնչակից այլ պետութիւններ: Ցեղասպանական արարքներու շուրջ պատմութեան վերաշարադրումն է, որ կը փորձէ ընել Անգարան: Արարքներու համահաւասարեցման այս մարտավարութիւնը կը թուի, որ շատ տեղ չունի աշխատելու:

Այս բոլորով հանդերձ Անգարան պիտի շարունակէ ցեղասպանութեան դիմաց ցեղասպանութիւն որակումներու այս մարտավարութիւնը. չէ բացառուած, որ այս անգամ Հռոմը յիշուի մուսոլիական արարքներով եւ Օսմանեան կայսրութեան համահաւասար պատասխանատուութիւններով:

Ամբաստանութիւններու եւ պատմութեան վերաշարադրանքներու նման ընթացք մը տեսականօրէն կրնայ յանգիլ անոր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոչերու եւ բանաձեւերու պատճառով Անգարան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ամբաստանէ ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու յանցանքով:

Անգարա ընդդէմ աշխարհի քարոզչաքաղաքական այս խաղին հայկական գործօնը ցեղասպանութեան առընթեր այլ կարմիր քարտերու թեմաներ կրնայ տրամադրել առնչակից պետութիւններուն: Ուաշինկթընէն Եւրոպա եւ միջինարեւելեան արաբական երկիրներ` կը դրսեւորեն Անգարային կարմիր քարտեր տրամադրութիւններ: Քարտերու բովանդակութեան գրառման իր նպաստը կրնայ ունենալ հայ քաղաքական մտածողութիւնը:

aztagdaily.com/archives/434928

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail