«Հայոց կոտորածը. ոճիր, զոր չի սրբեր ժամանակը… իսկ մշակոյթը կը շարունակուի»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Եգիպտական «Տիուան» Պարբերականի Անդրադարձը` Հայոց Ցեղասպանութեան

16 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:


Եգիպտական «Ահրամ»-ի հրատարակութիւն «Տիուան» (Դիւան) ամսաթերթը ապրիլ ամսուան թիւով բաւական լայն եւ ուրոյն անդրադարձ կատարած է Հայկական հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, մշակոյթին, համաշխարհային հռչակ վայելող հայոց եւ այլն:

Թիւին մէջ «Շնորհակալութիւն Եգիպտոս» խորագրուած յօդուած մը ստորագրած է եգիպտահայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, իսկ պատմաբան Մոհամետ Ռեֆհաթ Իմամ լայնօրէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան` «Եգիպտոսը` Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վկան» խորագրուած ակնարկով:

Պատշաճ ծանօթագրութեամբ մը պարբերականի այս թիւին մէջ հրապարակուած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութեան առաջին բաժինի արաբերէն թարգմանութիւնը` առանց նշելու թարգմանիչին անունը: Նորութիւն մը` նման հրատարակութիւններու համար:

Ցեղասպանութեան մշակութային արձագանգներէն անդրադարձ կատարուած է նաեւ օրին Ամերիկայի մէջ արտադրուած երկու ժապաւէններու` «Ռավիշտ Արմինիա»-ին (1919 թուական) եւ 1896-ին Պոլսոյ մէջ Պանք Օթոմանի գրաւման հետեւած կոտորածին նուիրուած «Ի. Էմ. Սի.» ընկերութեան 1901-ին արտադրած ժապաւէնին, որ թէեւ գոյութիւն չունի այսօր, սակայն ընկերութեան արտադրած ժապաւէններու քաթալոկին մէջ պատկերաւոր նկարագրութիւնը թարգմանած ու հրատարակած է պարբերականը:

Հետաքրքրական է պարբերականի խմբագրութեան պատրաստած մուտքի յօդուածը` «Հայոց կոտորածը. ոճիր, զոր չի սրբեր ժամանակը… իսկ մշակոյթը կը շարունակուի». թէեւ վերջին հազարամեակով սահմանափակուած է հայոց պատմութեան անդրադարձը, սակայն Հայաստանէն բռնագաղթի մասին ակնարկը հետաքրքրական կը դարձնէ զայն:

yerakouyn.com/2019/04/16/եգիպտական-տիուան-պարբերականի-անդր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail