Արեւմտահայերէնը Պէտք Է Դասաւանդուի Դպրոցներու Մէջ. Նարինէ Թուխիկեան

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

16 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

Կը պատրաստուիմ հանդէս գալ արեւմտահայերէնի մասին օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին յայտնեց Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Նարինէ Թուխիկեան (Խաչատուրեան):

«Արեւմտահայերէնը ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ն ճանչցած է որպէս վտանգուած լեզու, ես կը կարծեմ, որ Հայաստանն է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման երաշխաւորը, ոչ թէ սփիւռքը: Մենք ունինք պետութիւն, որ պարտաւոր է իր մշակութային գանձերը պաշտպանելու, իսկ ամենամեծ եւ ամենաթանկագին գանձը լեզուն է: Հիմա մենք կ՛օգտագործենք արեւելահայերէնը, կը պահպանենք զայն, բայց արեւմտահայերէնը, որուն կիրարկողները Հայաստանի մէջ չեն, դուրսը կ՛ապրին, ի հարկէ Իրաքի եւ Սուրիոյ պատերազմներէն յետոյ շատերը եկան Հայաստան, սակայն հիմա անոնք աւելի շատ արեւելահայերէն կը խօսին, քան արեւմտահայերէն»,-նշեց ան:

Պատգամաւորը շեշտեց` պետութեան կողմէ լեզուի պաշտպանութեան մեքենականութիւնը կրնայ ըլլալ օրէնսդրական յստակ կարգաւորումները․ «Մեքենականութիւններէն մէկը ուսուցումը կիրառելն է, արեւմտահայերէնը որպէս կրթական առարկայ պէտք է դասաւանդուի հայաստանեան դպրոցներուն մէջ, իւրաքանչիւր հայ պէտք է արեւմտահայերէնի կրողը ըլլայ, ոեւէ հայու պէտք չէ այս լեզուն անծանօթ ըլլայ: Հիմա տեսէք` Սուրիայէն եկան շատ հայեր, սուրիահայ երեխաները խնդիր ունէին` կ՛երթային դպրոց, եւ տեղացիները անոնց չէին հասկնար, անոնք ալ տեղի հայերուն չէին հասկնար: Մենք նոյն ազգն ենք, եւ իրար չհասկնալն անթոյլատրելի է»:

Ան նաեւ աւելցուց` արեւմտահայերէն հրաշալի գրականութիւն կայ, որ պէտք չէ կորսնցնենք․ «Չմոռնանք, որ արեւմտահայերէնով հրաշալի գրականութիւն կայ, որ եթէ լեզուն  կորսնցնենք, կը կորսնցնենք նաեւ այդ գրականութիւնը վայելելու հնարաւորութիւնը»:

Եզրափակելով խօսքը` պատգամաւորը նշեց, որ դեռ պարզ չէ` առանձին օրինագիծ կը ներկայացնէ, թէ օրէնքը փոփոխելու առաջարկ:

hayernaysor.am/cl/archives/308866?f

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail