26 հոկտեմբեր 2015
Անցեալ շաբաթ կէսօրին Հարաւային արուարձաններու մէջ Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Աշուրայի բազմամարդ քայլարշաւ մը, որուն աւարտին Ռայա դաշտին վրայ անձամբ ներկայացաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց` չսպասելու շրջանային իրադարձութիւններուն` հաստատելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է նախաձեռնեն երկրին տագնապին լուծման, իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերելով երկխօսութեան, որուն այլընտրանք գոյութիւն չունի:
«Ոչ ոք պէտք է սպասէ, որ Լիբանանի հարցով իրանեան-սէուտական երկխօսութիւն մը կատարուի եւ կամ ամերիկեան-արեւմտեան նախաձեռնութիւն մը առաջադրուի: Լիբանանի ճակատագիրը պէտք է որոշեն անոր քաղաքական ղեկավարները, իսկ մենք պիտի շարունակենք լեցնել այս հրապարակները, առանց վախնալու իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական պատերազմներէն, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակենք աշխատիլ` պահպանելու համար քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի զօրակցին պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր յեղափոխութեան հետ` կոչ ուղղելով իսլամական աշխարհին` զօրակցելու պաղեստինցիներուն եւ պաշտպանելու Աքսայի մզկիթը:
«Դիմադրութիւնը անշեղ կը մնայ Իսրայէլին դիմադրելու իր առաքելութենէն, եւ ո՛չ Նեթանիահուն, ո՛չ ալ անոր մեծ հայրը կրնան արգիլել Դիմադրութիւնը` Լիբանանը պաշտպանելու նպատակով արդիական զէնք ու զինամթերք ունենալէ», ընդգծեց ան
:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն նաեւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ պայքարը եւ կոչ ուղղեց իրաքցիներուն` չվստահելու ամերիկացիներուն, այլ` Հիւսէյնի անունով պատերազմելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
http://www.aztagdaily.com