17 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի հայ համայնքը Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերականգնման օժանդակելու հարցը պիտի քննարկէ երկրի կառավարութեան հետ, Ապրիլ 24-ին: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտնած է Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Մենք, անպայման, ներդրում պիտի ունենանք Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերակառուցման գործին մէջ»,- ըսած է ան:
Մուրատ Փափազեանի խօսքով՝ իրենք դեռ այդ հարցը չեն քննարկած Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ: «Ապրիլ 24-ին մենք նախաձեռնութիւն պիտի ունենանք: Մենք, այդ օրը, Կոմիտասի արձանին մօտ, Ֆրանսայի կառավարութեան հետ նախաձեռնութիւն ունինք, այդ օրը անոնց հետ այդ թեմայով քննարկումներ պիտի ըլլան: Կը նախատեսենք այդ օրը Կոմիտասի թանգարանին մօտէն շարժիլ դէպի Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն»,- ըսած է ան:
Փափազեան յիշեցուցած է, որ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ, Ապրիլ 22-ին, նախատեսուած էր պատարագ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, բայց տաճարի հրդեհէն ետք՝ պատարագը չեղարկուած է:
aztagdaily.com/archives/435124