Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւնը

17 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ապրիլ 17-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի պատուիրակութիւնը՝ ուղեկցութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, տիկին Գայիանէ Աբրահամեանի եւ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Լին Թրէյսիի:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ ողջունելով ԱՄՆ քոնկրէսականներուն այցը Հայաստան` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գոհունակութեամբ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին՝ անկախութեան տարիներէն ի վեր՝ տարբեր ոլորտներու մէջ ցուցաբերուող զօրակցութեան:

Վեհափառ Հայրապետը, մասնաւորապէս, կարեւոր համարած է ԱՄՆ-ի կողմէ, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրի, ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ գործադրուող ջանքերը:
Զրոյցին ընթացքին խօսուած է նաեւ երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն ու անոնց յաղթահարման ուղիներուն մասին:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, հասարակութեան մէջ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու ամրապնդման գործին մէջ:

yerakouyn.com/2019/04/17/ամենայն-հայոց-կաթողիկոսը-ընդունած-է-ա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail