Արեւմտահայերէնի Անվտանգութեան Երաշխաւորը – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

17 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ «վտանգուած լեզու» հռչակուած արեւմտահայերէնը վերջապէս պիտի դրուի ՀՀ օրէնսդիր իշխանութեան օրակարգին վրայ, եթէ անշուշտ Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ տիկ. Նարինէ Թուխիկեանի նախաձեռնութիւնը անհրաժեշտ զօրակցութեան արժանանայ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ, որուն կը պատկանի ինք: Պէտք է ջերմօրէն ողջունել տիկ. Թուխիկեանի այս կարեւոր քայլը եւ մաղթել, որ անիկա անյապաղ իրականութեան վերածուի եւ վերածուի ակնկալուած որակով եւ նրբազգացութեամբ:

Այս առթիւ, կարեւոր է շեշտել, որ մեր երկու գրական բարբառներու համատեղ ուսուցման գաղափարին առաջին հեղինակը Լեւոն Շանթն է (խորհրդակից ունենալով Նիկոլ Աղբալեանը), որուն նախագծերով պատրաստուած դասագրքերը լիովին կը ցոլացնեն այս նուրբ գործին մանկավարժական մեթոտաբանութիւնը: Հետեւաբար անիւը վերստին հնարելու կարիքը չունինք: Այդ գործին սկզբնական հովանաւորները եղած են ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւնը, որոնց առաջադրութիւնը եղած է զինել տարագիր հայութիւնը մշակութային հուժկու քաղաքականութեամբ մը: Կ՛ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ այս գործը մօտ մէկ դարու կիրառական փորձաշրջան մը արդէն անցած է Սփիւռքի մէջ նուիրեալ եւ հմուտ ուսուցիչներու շունչին տակ:

Ըսել, որ «Հայաստանն է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման երաշխաւորը, ոչ թէ Սփիւռքը» կը նշանակէ անտեսել Սփիւռքի մեծ ներդրումը այս մարզին մէջ: Եթէ այսօր ԵՈՒՆԵՍ-ՔՕի անգրագէտ դիւանակալներն ու իրենց հայազգի մանկլաւիկները արեւմտահայերէնը կը հռչակեն «վտանգուած», պէտք է երեւակայել, թէ ի՞նչ բնորոշում պիտի տային անոնք դիտելով Սփիւռքի առաջին տարիներու վիճակը: Փաստը այն է, որ Սփիւռքը կրցաւ մերժել Թուրքիոյ եւ մեծապետական աշխարհի վճիռը եւ տէր կանգնիլ իր լեզուին (աւելի քան բոլշեւիկեան մականին ենթակայ մեր երկիրը) եւ մենք մէկ ամբողջ դար պահպանեցինք մեր լեզուն, ուղղագրութիւնը, մամուլը եւ ստեղծեցինք փայլուն գրականութիւն:

Այնուամենայնիւ հայոց լեզուն այսօր ունի պաշտպանութեան մեծ խնդիր մը: Արեւմտահայերէնը՝ առաւե՛լ եւս: Վտանգը բազմաշերտ է եւ բազմակողմանի: Ես կը յուսամ, որ օրակարգի վրայ կը դրուի նաեւ այս ընդհանրական վտանգը, որ կը բխի ներկայ քաղաքակրթական փուլի ստոյգ մարտահրաւէրներէն, որոնք կը սպառնան փոքր ազգերու լեզուներուն: Հետեւաբար այս գոյութենական վտանգը յաջողապէս դիմագրաւելու ռազմավարութիւնն է, որ պէտք է անպայման ծնի լեզուի քննարկումներէն եւ այդ գործին մէջ լիարժէք դերակատարութեամբ պէտք է մասնակից դառնայ Սփիւռքը՝ ի՛նք: Հայրենիք-Սփիւռք պատմական համագործակցութեան կենսական տարածութիւնն է այս հարցը: Միասնական ուժերով միայն մենք պիտի կրնանք յաղթանակով պսակել այս ճակատամարտը: Ասիկա մեր մշակոյթի Սարդարապատն է: Գործե՛նք այդ յանձնառութեան ոգիով:

asbarez.com/arm/342993/Արեւմտահայերէնի-Անվտանգութեան-Երաշ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail