17 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանը պատրաստակամ է Սուրիոյ մէջ իր մարդասիրական առաքելութեան գործողութիւնները համադրել ՄԱԿ-ի կառոյցներու աշխատանքներուն հետ:
Այդ մասին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան` ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի մշտական ներկայացուցիչ Տմիթրի Մարեասինի հետ հանդիպման ժամանակ:
«Նախարարը ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան մանրամասնութիւնները եւ յայտնած գործողութիւնները ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի կամ այլ կառոյցներու աշխատանքներուն հետ համադրելու եւ համակարգելու` հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
hayernaysor.am/cl/archives/309154