Իրաքի Իսլամներու Առաջնորդը Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

19 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

Իրաքի Ազգային կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Եուսիֆ Նասրի յայտարարած է, թէ Թուրքիան պէտք է հայ ժողովուրդէն ներում հայցէ «իր արարքներուն համար»` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը գրէ «Ասպարէզ»-ը:

17 ապրիլին Նասրի հանդիպում ունեցած է Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանին հետ: Հոգեւորականը հանդիպումին ընթացքին դատապարտած է Օսմանեան կայսրութեան իրագործած «անմարդկային ոճիրը»` կոչ ուղղելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ներում հայցելու իրենց իսկ սերունդին անունով:

Հանդիպումին ներկայ այլ հոգեւոր առաջնորդներ եւս զրուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին հետ` խօսելով Իրաքի մէջ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու իրենց ջանքերուն մասին եւ ընդգծելով յատկապէս պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք Իրաքի հայ համայնքի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի անգնահատելի դերը:

Հանդիպումի աւարտին հոգեւոր առաջնորդները իրենց ողջոյններն ու բարեմաղթանքները յղած են Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Անոնք նաեւ կարեւոր նկատած են Իրաքի բազմազգ եւ բազմակրօն բնակչութեան պահանջները բաւարարելու համար միացեալ նախաձեռնութիւններ մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

aztagdaily.com/archives/435322

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail