Ֆրանսայի Վարչապետը Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրուան Ձեռնարկի Ընթացքին Կառավարութեան Անունով Խօսք Մը Պիտի Արտասանէ

19 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող Մուրատ Փափազեան իր դիմատետրեան էջին մէջ հայ համայնքին կոչ ուղղած է` մասնակցելու 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան կապակցութեամբ կազմակերպուելիք ձեռնարկին: Ան նաեւ յայտնած է, թէ անոր պիտի մասնակցի Ֆրանսայի վարչապետը:

«24 ապրիլ 2019-ին վարչապետ Էտուարտ Ֆիլիփ ներկայ պիտի ըլլայ ու խօսք պիտի արտասանէ Ֆրանսայի կառավարութեան անունով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օրուան կապակցութեամբ (…) Ապրիլ 24-ին ես այնտեղ պիտի ըլլամ: Ան այնտեղ պիտի ըլլայ, իսկ դո՞ւք», գրած է Փափազեան:

aztagdaily.com/archives/435330

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail