Թուրքիա Կը Մերժէ Իրանի Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Զանոնք Ջնջելու

18 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն, թուրք-ամերիկեան 37-րդ տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձած է ռուս-թրքական եւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Հապերթիւրք»:

Անդրադառնալով «Էս-400» հակաօդային համակարգերու գնման` Քալըն նշած է, որ Թուրքիան վերջին 10 տարուան ընթացքին անընդհատ փորձած է ամերիկեան «Փաթրիոթ» համակարգերը գնել, որովհետեւ չունէր հզօր հակաօդային պաշտպանութիւն:

Ան յոյս յայտնելէ ետք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի միջամտէ Քոնկրեսին ներկայացուած Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու առաջարկին, նշած է. «Բազմիցս նշած եմ. սպառնալիքներն ու պատժամիջոցները ոչ մէկ օգուտ պիտի տան եւ ոչ մէկ դրական արդիւնքի պիտի յանգին: Միացեալ Նահանգներու հետ, անշուշտ, այս նիւթով չենք ուզեր ճակատում ունենալ, սակայն բոլորը պէտք է հասկնան, որ Թուրքիան անվտանգութեան մթնոլորտի մէջ մտահոգութիւններ ունի»:

Խօսելով Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն մասին` Քալըն նշած է, որ Թուրքիան կ՛ուզէ զերծ մնալ Իրանի դէմ պատժամիջոցներէ, որովհետեւ Իրանը Թուրքիոյ` վառելանիւթի գլխաւոր մատակարարներէն մէկն է, եւ իրենք իրենց դրացի պետութեան հետ կը գործակցին շարք մը ոլորտներու մէջ: «Թող ոչ ոք սպասէ, որ մենք կռնակ պիտի դարձնենք Իրանին», նշած է Էրտողանի բանբերը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ Ուաշինկթընի հետ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջման կարեւորութեան շուրջ երկխօսութիւնը` շեշտելով. «Կը մերժենք Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, եւ Ամերիկան պէտք է ջնջէ այդ պատժամիջոցները»:

«Թուրքիան աշխատանք պիտի տանի Իրանի հետ առեւտուրի տարեկան շրջանառութիւնը բարձրացնելու 30 միլիառ տոլարի», նշեց ան:

aztagdaily.com/archives/435160

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail