26 հոկտեմբեր 2015
Դատարանի որոշումով կ՚ըստացուի այն պատկերը, որ Փերինչէք Զուիցերիոյ արդարադատութեան կողմէ անիրաւուած անհատ մըն է։ Իրականութիւնը ճիշտ հակառակն է։ Փերինչէք անիրաւուած մը չէ։ Ան անիրաւող մըն է, ինչպէս իր ետին կեցող Թուրք Պետութիւնը։ Այս պարզ և անվիճելի իրողութիւնը գիտակցաբար աղաւաղուած է Դատարանի ծուռ կողմնորոշումով։
Վերջերս, Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Վերին Ատեանը վերջնական վճիռ կայացուց «Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատական գործի առընչութեամբ։ Ատեանին որոշումն էր անպարտ արձակել Զուիցերիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հրապարակային ուրացման յանցանքով դատապարտուած Տողու Փերինչէքը. անձնաւորութիւ՛ն՝ որ յայտնի է համաշխարհային հանրութեան իր փանթուրքիստ, ցեղապաշտ և հակահայ գործունէութեամբ և որ եկած էր Զուիցերիա Թուրք Պետութեան խափանարար քաղաքականութեան որպէս հետևորդ և եկած էր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը հրապարակաւ ժխտելու գրգռիչ իր պատգամով, ուղղուած՝ Զուիցերիոյ թուրք զանգուածին։
Բազմահարիւր էջերու վրայ փռուած դատական գործի զեկոյցը կը փորձէ հաւաստիացնել, որ Դատարանի մեկնակէտը անհատի իրաւունքներն են և ոչ ուրիշ բան։ Այսինքն ազատ խօսքի նուիրագործուած սկզբու՛նքը Եւրոպայի մէջ՝ թէկուզ այն հետևանքով, որ Դատարանի այս վճռով էապէս պաշտպանութիւն կը տրուի ֆաշիզմի բացայայտ քաղաքականութեան։ Զեկոյցը կը փորձէ այս գաղափարախօսական դիրքերէ՛ն արդարացնել Դատարանի որոշումը միաժամանակ խնդրոյ առարկայ դարձնելով զուիցերիական արդարադատութեան մակարդակը դատական այս գործին մէջ։
Նախ պէտք է մատնանշել, որ Դատարանի այս մօտեցումը բացէ ի բաց կը հակասէ ԵւրոԽորհրդարանի 28 Նոյեմբեր 2008 թուի Ուղեգծային Որոշումին (Decision-Cadre 2008/913/JAI du Conseil du 28 Novembre 2008), որ յստակ սահմաններ կը դնէ ազատ խօսքի չարաշահութեան վրայ, երբ հարցը կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու հրապարակային ուրացման երևոյթին։
Ճիշտ է, որ ԵւրոԽորհրդարանի ուղեգծային որոշումները օրէնքի հանգամանք կ՚ըստանան անդամ երկիրներու ազգային խորհրդարաններու յատուկ օրինագծերով միայն, որպէսզի կիրառելի ըլլան տուեալ երկրին մէջ. բա՛ն մը՝ որ արդէն իսկ պարագան է քանի մը անդամ երկիրներու։ Իսկ այլ երկիրներ (ինչպէս Ֆրանսան) ներկայիս կը պատրաստուին այդ ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր առնելու։ Ճիշտ է նաև, որ Զուիցերիան մաս չի կազմեր Եւրոպական Միութեան։ Եւ սակայն Զուիցերիան իր օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ եղած է փայլուն օրինակ մը Եւրոպայի մնացեալ մասին և օրինակելի նախանձախնդրութեամբ կիրարկա՛ծ՝ իր հակաժխտողական օրէնքը բոլոր անսաստողներուն դէմ անխտիր, ներառեա՛լ Տողու Փերինչէքի, առանց անսալու Թուրքիոյ ճնշումներուն։
Բայց հարց տանք, թէ ի՞նչ չափով Դատարանը եղած է հետևողական անհատի իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդրին մէջ։ Փաստը այն է, որ Դատարանը նոյն իր որոշումով բացէ ի բաց ոտնակոխած է իր իսկ «դաւանած» սկզբունքը կոպիտ բացառութիւն ընելով Հրէական Ցեղասպանութեան (Holocaust)՝ զայն ազատ կացուցանելով…անհատի իրաւունքներու իր գաղափարախօսական նորմերէն։ Այս բացառութեամբ, Դատարանը ոչ միայն վարկաբեկած է ինքզինք, այլև ոտնակոխ ըրած է Եւրոպայի հայերու՛ մարդկային իրաւունքները՝ իր թերի վճռահատութեամբ օրինականացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ կիրառուող յայտնի խտրականութիւնը։
Միաժամանակ գիտակցելով այս հսկայ մեղանչումի հետևանքներուն՝ Դատարանը փորձած է դուրս գալ յիշեալ որոգայթէն յայտարարելով, որ կ՚ընդունի հայոց իրաւունքը հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը պաշտպանելու՝ կապուած հայ ժողովուրդի պատմական փորձառութեան։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ այդ իրաւունքը Դատարանը չէ, որ պիտի տայ մեզի և յամենայն դէպս այս ուշացած «նրբազգացութիւն»ը ոչ մէկ ձևով կը պարտկէ Դատարանին կողմէ գործուած անարդարութիւնը, որ յղի է ծանրակշիռ հետևանքներով և առաջին հերթին՝ Հրէակա՛ն Ցեղասպանութեան համար։
Կը խօսուի այն մասին, թէ Դատարանը անուղղակիօրէն ճանաչում տուած է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ որդեգրած չըլլալով Նախադատ Ատեանի որոշումը այս մասին։ Ըստ իս, այս տեսակէտը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Դատարանի մեծամասնութիւնը մերժած է յարիլ փոքրամասնական վեց դատաւորներու յստակ եզրակացութեան Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը անվիճելի հռչակելու։ Դատարանը, իր մեծամասնութեամբ, տեսակէտ յայտնած է ըսելով, որ Նախադատ Ատեանը պէտք չէր մտնէր ճանաչման հարցին մէջ և սակայն ան բառացիօրէն չեղեալ չէ հռչակած Նախադատ Ատեանի որոշումը։ Կարևոր նրբութիւ՛ն մը՝ որ պէտք չէ վրիպի հայկական կողմի ուշադրութենէն։ Ասիկա խնդիր մըն է, որ մեկնաբանութեան հսկայ շփոթ մը կ՚ըստեղծէ և հսկայ բա՛ց մը՝ Եւրոպայի Խորհրդարաններէն ներս օրէնսդրական յառաջիկայ քայլերը լրջօրէն խոչընդոտող։
Իրականութիւնը այն է, որ Դատարանը գործած է շատ թափանցիկ քաղաքական հաշիւներով։ Ան որոշում առած է առանց իսկապէս յաղթահարելու այդ հաշիւներէն բխող իր ներքին երկուութիւնները։ Իրաւական այս թերի գործընթացէն նպաստաւորուած է յանցագործը՝ ի՝նք և իր ետին կեցող Թուրք Պետութիւնը։ Դատարանի որոշումով կ՚ըստացուի այն պատկերը, որ Փերինչէք Զուիցերիոյ արդարադատութեան կողմէ անիրաւուած անհատ մըն է։ Իրականութիւնը ճիշտ հակառակն է։ Փերինչէք անիրաւուած մը չէ։ Ան անիրաւող մըն է, ինչպէս իր ետին կեցող Թուրք Պետութիւնը։ Այս պարզ և անվիճելի իրողութիւնը գիտակցաբար աղաւաղուած է Դատարանի ծուռ կողմնորոշումով։Դատարանը նաև անփոյթ վարուած է իր իսկ առաքելութեան հանդէպ։ Քաջ գիտնալով՝ որ իր որոշումը վերջնական է, ան այնուամենայնիւ անտեսած է իր կազմէն ներս գտնուող փոքրամասնական մեծ շերտի առկայութիւնը և յանցագործին շնորհած՝ անվերաքննելիութեան իրաւական հզօր զրահը։
Դատարանի այս որոշման քաղաքական հետևանքները դեռ մեր առջևն են։ Անոնք կու գան աւելնալու յառաջիկայ տարիներուն Եւրոպայի և առհասարակ Արևմուտքի մէջ մեր դիմագրաւելիք միւս մարտահրաւէրներուն։ Մենք այս որոշման մէջ յաղթանակներ փնտռելու բարոյական իրաւունքը չունինք, ինչպէս կ՚ընեն Հայաստանի Հանրապետութեան փաստաբանները ՝ Րապըրթսըն և Քլունի։ Անոնք կը խօսին իրենց նեղ տեսադաշտի ելակէտերէն։ Հայկական կողմը իրաւունք չունի անոնց խօսքը թութակաբար իւրացնելու։ Մեր խնդիրն է այսօր ճիշտ արժևորել հետևանքները այս որոշման և ըստ այնմ նախագծել մեր վաղուան ռազմավարութիւնը:
Կարօ Արմենեան
http://www.horizonweekly.ca