24 Ապրիլի նախօրեակին դարձեալ կու գամ ըսելու, որ նորերը պիտի գան եւ ստանձնեն ջահը

Չորս Տարի

20 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

Ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական ոգեկոչումէն ետք, եթէ ուզենք անցնող չորս տարիներուն Եղեռնին վերաբերող ձեռքբերումները մատնանշել, բնականաբար շատ բան չենք ունենար արձանագրելիք:

Հարիւրամեակի կոչերը, ոգեկոչման մարմինները, համահայկական յանձնաժողովները, կրօնական եւ քաղաքական ելոյթները, կարծէք, հարիւրամեակի տարուան հետ մոռցուեցան եւ հոս-հոն Հայ Դատի յանձնախումբերուն ճիգերով արձանագրութիւններ միայն կարելի է հաւաքել:

Ի՞նչ պատահեցաւ: Ինչո՞վ զբաղած ենք: Առաջնահերթութիւնը ո՞վ կ՛որոշէ: Հարիւրամեակէն չորս տարի անցաւ, բացի Ապրիլ 24է Ապրիլ 24 քայլարշաւներէ՝ ուրիշ ի՞նչ կ՛ընենք:

Եղեռնի ոգեկոչման նոր հարիւրամեակին բաւական մտահոգիչ եւ հարցականներով լեցուն փուլ մը կը հրամցուի: Համաշխարհայնացում, այլասերում, Արաբական գարուն, թաւշեայ յեղափոխութիւն, քառօրեայ պատերազմ, Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւն, կասկած, Հայաստան-Սփիւռք կապի խարխափում, պետականաշինութիւն եւ բանակի հզօրացման նոր փուլ:

Իսկ այս բոլորէն անդին, ո՞ւր է Համահայկական կեդրոնական մարմինը: Գաղութներու մէջ՝ ինչո՞ւ Եղեռնի ոգեկոչման կամ Ցեղասպանութեան կեդրոնական մարմիններու լուծարումը: Ո՞վ է շահողը այս բոլորէն: Ինչո՞ւ թափի, տեսիլքի եւ թռիչքի պակաս կայ: Ո՞վ է կասեցնողը: Նորերը չկա՞ն, վստահաբար կան: Նոր մօտեցումներ պէտք չէ՞ որոնել, հաստատաբար՝ այո՛: Նախաձեռնողը չկա՞յ, չեմ կարծեր:

Կարծէք ամէն մարդ իր պատեանին մէջ ամփոփուած՝ կրիայի պէս թէ՛ դանդաղած է եւ թէ «ինծի ինչ»ի հոգեվիճակ մը կ՛ապրի: Հարիւրամեակէն չորս տարի անցած է, պէտք էր մինչ այդ նոր թափով եւ ծրագրաւորումով, նոր ռազմավարութեամբ եւ ճկունութեամբ, նոր ձեւերով եւ համադրումով Եղեռնի ոգեկոչման աշխատանքներ ծրագրուէին:

Հաստատութիւնները փակելով, քայլարշաւին մասնակցելով, եկեղեցի երթալով եւ մոմ մը վառելով եթէ ինքնագոհ պիտի զգանք, չեմ գիտեր՝ ի՛նչ ըսեմ:

Ամէն բան գիտնալն ալ չի բաւեր: Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կը բաժնեն այս բոլոր մտահոգութիւնները եւ խօսակցութեան աւարտին «քմծիծաղով» մը կ՛ըսեն, որ «այսպէս է, ճիշդ ես, ի՞նչ կրնանք ընել…»:

24 Ապրիլի նախօրեակին դարձեալ կու գամ ըսելու, որ նորերը պիտի գան եւ ստանձնեն ջահը:

Մի՛ ըսէք՝ չկան: Կա՛ն, վստահաբա՛ր կան: Մեզմէ ալ լաւերը կան, առիթը տանք եւ կը տեսնենք:

Յուսախաբ չենք ըլլար: Սկիզբը՝ քիչ մը խարխափում, սակայն յետոյ վստահաբար հաստատ քայլերով՝ դէպի յառաջ:

asbarez.com/arm/343296/Չորս-Տարի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail