ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ – ԱՊՐԻԼԸ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՄԻՍ Է

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ – azadkhosk.com/khempakragan:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ – ԱՊՐԻԼԸ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՄԻՍ Է

«Օ՛ գարնան ամիս, ապրելո՛ւ Ապրիլ
Դու որ բերում ես ծաղիկներ ու կեանք
Ինչո՞ւ դու դարձար մահուան տարելից
Մահով մնացիր մեր պատմութիւնում»:

Սիլվա Կապուտիկեան

Այս տարի 104-րդ տարելիցն է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ արեւմտահայ մեր ժողովուրդի Հայրենազրկումին….Սեւ թուական մը՝ մեր պատմութեան մէջ, երբ Օսմանեան Թուրքիոյ վարած հայահալած եւ հայաջինջ քաղաքականութիւնը՝ սկսեալ 19-րդ դարէն յատկապէս, անցնելով 1909-ի Կիլիկիոյ կոտորածէն, կը հասնէր իր ամէնէն ահաւոր ու գեհենային լրումին՝ Ապրիլ 24-ի շուրջ 600 հայ մտաւորականներու, ազգի սերուցքին ձերբակալման Կոստանդնուպոլսոյ մէջ եւ անոնց յօշոտումին, ապա՝ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու խողխողումին, սպանդին եւ մազապուրծ փրկուած մնացորդացին տարագրումին, արմատախլումին…

Եւ այսպէս, ամբողջ երկիր մը՝ Արեւմտահայաստանը կ’անապատանար, զրկուելով իր բնիկ ժողովուրդէն, անոր մշակութային-եկեղեցական-կրթական-առեւտրական եւ այլ բազմազան սեփականութիւնները բաժին կը դառնային օտարին, ենթակայ՝ աւերումի, աւարի, թալանի եւ ոչնչացման….

Լայն իմաստով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ’ընդգրկէ 1894-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերուն կողմէ ծրագրուած ու հայ ժողովուրդին դէմ շարունակաբար իրականացուած ցեղասպանական քայլերը, որոնք սկիզբ առին համիսլամութեան գաղափարաբանութեամբ եւ վարքագիծով՝ սուլթաններու օրով, 1894-1896 թուականներուն, 300,000 հայ զոհերով, ապա՝ 1908-ին հռչակուած երիտթուրք յեղափոխութենէն եւ սահմանադրութենէն անմիջապէս ետք՝ 1909-ի Ատանայի կոտորածով, որուն զոհ գացին 30,000 հայեր, ինչ որ անսքօղ կերպով ցոյց պիտի տար իթթիհատականներու փանթուրանական եւ հայաջինջ նպատակներու գործադրութիւնը, որ նախադուռը հանդիսացաւ 1915-ի Մեծ Եռեռնին, երբ անպատիժ մնացած երիտթուրքերը՝ Թալէադ փաշա եւ իր յանցակից ընկերք, հետզհետէ աւելի ու աւելի մեծ յանդգնութեամբ ու լկտիութեամբ, ոռոճացին ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու սադայէլական ծրագիրը, օգտուելով միջազգային ռազմաքաղաքական իրավիճակի նպաստաւոր պայմաններէն եւ պատերազմական թոհուբոհէն…. եւ միայն մէկ հայ թողուլ….թանգարանի որպէս նմուշ…

Նոյն հայաջինջ քաղաքականութիւնը վարեց Մուսթաֆա Քէմալ, թուրքիզմի իր այլամերժ ու այլատեաց գաղափարախօսութեամբ՝ «Թուրքիան միայն թուրքերուն», կամ «Երանի թուրք եմ ըսողին» եւ նման լոզունգներով, պինդ փարելու համար Օսմանեան Կայսրութեան կորիզին, որ բնօրրանն է հայուն, ասորիին, լազին, եզիտիին…ի հնուց անտի:

Այսօր, հայկական մշակութային ժառանգութեան ծրագրաւորուած ոչնչացումը, Ցեղասպանութեան հետեւողական ժխտումը, Ցեղասպանութեան փաստը ընդունող, զայն արծարծող հայ թէ թուրք կամ քիւրտ մտաւորականները լռեցնելու եւ ահաբեկելու փորձերը՝ թրքական կառավարութեան կողմէ, տակաւին Էրտողանի վարած նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը՝ նոյն Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն են անկասկած….

Զուգահեռաբար, Թուրքիոյ ազգակից կամ եղբայր Ատրպէյճանի հայատեացութեան դրսեւորումները, ինչպէս՝ Սումգայիթի, Պաքուի, Խոճալուի մէջ տեղի ունեցած ծրագրաւորուած զանգուածային ջարդերը, հայասպան ոճրագործը հերոսացնելու փաստը, հակահայ մոլեռանդ քարոզչութիւնը՝ դպրոցներէն ներս եւ ատրպէյճանական հանրութեան մէջ՝ նոյն դրսեւորումներն են հայաջինջ քաղաքականութեան, որ միշտ սթափ ու զգօն պարտի պահել մեր ժողովուրդը ամէնուր:

Ցեղասպանութեան եւ Հայրենազրկումի ահեղագոյն հարուածներէն ետք, հերոսական ճիգերով ոտքի կրցաւ ելլել տարագիր մեր ժողովուրդը, «փոշի ազգ» դարձած եւ ցրուած աշխարհիս երեսին…Հոն ուր հանգրուանեց՝ բացաւ դպրոց, եկեղեցի, հիմնեց ակումբներ եւ մամուլ, հայոց այբուբենը եւ հայուն հաւատքը դարձնելով ամէնէն ուժեղ վահանը՝ ձուլումին եւ այլասերումին դէմ: Հայուն օճախներէն դարձեալ բարձրացաւ ծխանի ծուխը մանուկներու ճիչին հետ միասին…, ի դերեւ հանելով թրքական ցնորամիտ երազը…

Իւրաքանչիւր հայ դպրոց ու վարժարան շառաչուն ապտակ էր հայասպան թուրքին….Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք ազնուագոյն վրէժ էր մեր նահատակներու սուրբ արեան…Իւրաքանչիւր հայկական եկեղեցի, մամուլ ու գիրք վերապրումի ճիգ էր սրբազան…

Այսօր, տխուր է արձանագրել որ սպիտակ Եղեռնն է որ կը սպառնայ հայութեան եւ հայկականութեան յարատեւման, իւրաքանչիւր հայ դպրոցի փակումին հետ, իւրաքանչիւր օտար ամուսնութեան հետ, հայ լեզուն է որ կը նահանջէ նոյնիսկ երգով ու թմբուկով….եւ տակաւ թափ կ’առնէ տխուր զառիթափը, զոր կանգնեցնել է պէտք անյապաղ, միասնական պայքարով, ազգային գիտակցութեան նորոգ զարթօնքով…

Մեր նախահայրերն ու հայրերը լաւագոյն օրինակը տուին հայութեան արժանապատիւ վերապրումին, վառ պահելով հայկականութեան, հայեցի ոգիին կայծը, հայ օճախին սրբութիւնը, հայ դպրոցին կենսունակութիւնը, հայ եկեղեցւոյ խնկաբոյր կամարներէն լուսածորող օրհնաբեր հաւատքը…նոյնիսկ ամէնէն աննպաստ ու անհնարին պայմաններու տակ: Ոգեշնչող եւ պարտաւորեցնող օրինակ՝ արդարեւ:

Բայց կայ դեռ ու պիտի շարունակէ ըլլալ կենսառողջ կորիզը հայութեան՝ ազգային գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ տոգորուն, Հայկեան ոգիով առկայծուն եւ մեր արդար Դատի Պահանջատիրութեան հետամուտ…Պիտի յարատեւէ, հզօրանայ ու զարգանայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի հետ միասին ի հեճուկս Էրտողաններու եւ Ալիեւներու յոխորտ ու փքուռոյց հռետորաբանութեանց….Պիտի զարթնուն դեռ Թուրքիոյ իսլամացած, թաքուն կամ ծպտեալ հայերը հայեցի ոգիով ամրապինդ….Եւ համայն հայութիւնը՝ մէկ սիրտ, մէկ հոգի, պիտի բռունցքուի յանուն մեր Մեծ Երազին իրականացման, յանուն մէկ ու միացեալ ամբողջական Հայաստանի կենսագործման, այն հողատարածքով, որուն իրաւական նախագծումն ու սահմանումը կատարեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիտրօ Ուիլսըն 22 Նոյեմբեր 1920-ին, իր իրաւարար վճիռով որ ի զօրու կը մնայ եւ որուն իրաւապահանջութիւնը դամոկլեան սուրի նման այսօր կը սպառնայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանաւորներուն …

Հայը պիտի ապրի ազգովին իր լեզուով, մշակոյթով, իր հայկականութեամբ եւ ազգի ու հայրենիքի ամբողջականութեամբ եւ պիտի իրագործէ լոյս արարելու իր սրբազան առաքելութիւնը:

Ապրիլը ապրելու ուխտ ու երդում է, Ապրիլը ապրելու ամիս է գերազանցօրէն:

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail