ՏԵՍԱԿԷՏ – ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ – ՓԱՆԹՈՒՐՔԻԶՄԻ ԳՐԱՒԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ

ՏԵՍԱԿԷՏ – ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ – ՓԱՆԹՈՒՐՔԻԶՄԻ ԳՐԱՒԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ

ՓԱՆԹՈՒՐՔԻԶՄԻ ԳՐԱՒԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ / azadkhosk.com /

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին արմատը փանթուրքիզմի յայտնի մոլորութիւնն է իր համիտեան, երիտթրքական եւ քեմալական դրսեւորումներով և որ կը մնայ էական գիծը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մինչեւ այսօր։ Այս նոյն արմատներէն ծնունդ առած է նաև Ազրպէյճանը 1918 թուին և փաստօրէն թուրքեւազրպէյճանական փանթուրքիզմի աքցանին մէջ բռնուած է Հարաւային Կովկասը վերջին հարիւր տարուան ընթացքին։ Այս խնդիրն է, որ այժմ կը դրուի հայ անկախ պետականութեան առջև իր բազմաթիւ ածանցեալ ձեւերով։ Եւ այս խնդիրն է, որուն վերաբերմամբ յստակ քաղաքական ռազմավարութիւն չէ ձեւաւորուած ոչ Արեւմուտքի և ոչ ալ Ռուսաստանի կողմէ, որոնք կոչուած են տարածաշրջանի կայունութեան երաշխաւորները ըլլալու։

Ներկայ օրերու փանթուրքիզմը համաթուրանականութեան գաղափարին վերարտադրութիւնն է, որուն իրական քաղաքական դաշտը այսօր Կովկասն է իր անմիջական հարեւանութեամբ։ Թուրքիա և Ազրպէյճան հետեւողական ճիգեր կ՚ընեն համաթուրանական դրօշի տակ հաւաքագրելու նաև Կեդրոնական Ասիոյ ժողովուրդները և սակայն՝ առա՛նց նշանակալի յաջողութեան։ Կեդրոնական Ասիոյ նորանկախ պետութիւնները, առայժմ գէթ, կ՚ապրին բոլորովին այլ քաղաքական առաջնահերթութիւններով զգայուն մնալով հանդերձ իրենց և Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող մշակութային առընչութիւններուն։ Այս կրաւորական վերաբերմունքը կրնայ ի վերջոյ փոխուիլ և նոր յենարաններ հայթայթել Թուրքիոյ և իր կովկասեան արբանեակին, բայց այդ մէկը կախում պիտի ունենայ այն բանէն, թէ ինչպիսի՞ բացեր կը թողուն մեծապետական ուժերը տարածաշրջանի խաղատախտակին վրայ յառաջիկայ տարիներուն։

Փանթուրքիզմի անմիջական սեւեռակէտը Հայաստանն է այսօր և առաջին հերթին՝ Արցա՛խը, որուն կենսական նշանակութիւնը Հայաստանի լինելիութեան (viability) համար նորութիւն չէ թուրքեւազրպէյճանական կողմի ռազմագէտներուն։ Մինչ Արեւմուտքը և միջազգային հանրութիւնը Արցախի հարցին կը նային որպէս շրջանային էթնիկ հակամարտութիւն, զոր պէտք է հարթել բանակցութիւններու ճամբով, Թուրքիա և Ազրպէյճան Արցախը կը դիտեն որպէս անընդունելի խոչընդոտ, զոր պէտք է վերցնել ամէն գնով։ Անոնք գիտեն, որ Արցախ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ամրոցն է, առանց որուն լրջօրէն կը վտանգուի Հայաստանի գոյութիւնը։ Անոնք համոզուած են, որ փանթուրքիզմի հեռահար նպատակներուն առջեւ ամրօրէն ծառացած է Արցախի (և ազատագրուած տարածքներու) պաշտպանական համակարգը։

Իրենց հաշուով, Արցախի ազատագրութեան գործողութիւնը ուղղուած էր յատկապէս թուրքեւազրպէյճանական կենսական շահերուն դէմ. այլ խօսքով, ան ստեղծուած էր վիժեցնելու համար փանթուրքիզմի քաղաքականութեան հեռանկարները։ Այս բանին համար, իրենք կը քննադատեն Արևմուտքն ու Ռուսաստանը արհամարհելով Հայաստանի և Արցախի և առհասարակ մեր ժողովուրդի բանալի դերակատարութիւնը այդ գործին մէջ։ Յամենայն դէպս արդիւնքը նոյնն է։ Եւ բացարձակապէս ճի՛շդ է իրենց գնահատականը գոնէ Հայաստանի հաշւոյն։ Կասկած չկայ , որ հայ քաղաքական միտքը գործեց բացառիկ յստակատեսութեամբ, երբ փուլ կու գար Խորհրդային Միութիւնը, և իր գերխնդիրը համարեց Արցախի ազատագրութեան դժուարին գործը նոյնիսկ երկրաշարժի համատարած աւերին մէջ։

Մերօրեայ փանթուրքիզմի երկու մեծ զէնքերն են իսլամիզմն ու քարիւղը։ Արեւմուտք և Ռուսաստան մեծ վարանումներու մէջ կը գտնուին իսլամիզմի մարտահրաւէրին առջեւ։ Արևմուտքի տնտեսութեանց համար կենսական նշանակութիւն ունեցող նաւթային պաշարները կը գտնուին իսլամական աշխարհին մէջ։ Իսկ քարիւղով և կազով հարուստ Ռուսական Դաշնութեան ժողովրդագրական քարտէզը յագեցած է իսլամ ազգութիւններու զբաղեցուցած լայն տարածքներով։ Իսլամիզմ և քարիւղ անքակտելիօրէն ընդելուզուած են իրարու և մշտապէս զիրար կը քաղաքականացնեն։ Ու նաև պարտադի՛ր կը դարձնեն աշխարհակարգի հաւասարակշռութեան պահպանումը գերտէրութիւններու մշտական համագործակցութեամբ։

Այս նուրբ հաւասարակշռութիւնն է, որ յանկարծ կը վտանգուի Միջին Արեւելքի իսլամութեան ծոցէն դուրս եկած իսլամ ծայրայեղականութեամբ, որ իր կարգին պարարտ հող կը հայթայթէ տարածաշրջանէն ներս առաւելութիւններ կորզելու ձգտող թուրքեւազրպէյճանական յայտնի խաղին։ Էրտողանի և Ալիեւի կովկասեան ռազմավարութիւնն է յառաւելագոյնս շահագործել այս թանկագին պատեհութիւնը և տկարացնել Հայաստանի յենարանները տարածաշրջանի բեմահարթակին վրայ։ Անոնց նպատակն է թակարդի մէջ բռնել ԵԱՀԿ-ի հովանիին տակ գործող Արցախի հարցի բանակցային գործընթացը և զայն անշարժութեան դատապարտել։

ԱՄՆ, Ռուսաստան և Ֆրանսա, որոնցմէ կազմուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութիւնը, նեղ շահեր ունին այս կնճռոտ իրականութեան մէջ և անխուսափելիօրէն իրենց երկուութիւնները կը փոխանցեն Արցախի բանակցային գործընթացին։ Թուրքեւազրպէյճանական ճնշումը հետզհետէ կ՚աճի միջազգային դիւանագիտութեան բեւեռներուն վրայ բանակցային գործընթացը մխրճելով յաւիտենական փակուղիի մէջ։ Թուրքիա և Ազրպէյճան կը յուսան շնչահեղձ ընել Հայաստանն ու Արցախը. քայքայել զանոնք տնտեսապէս և պառակտել քաղաքականօրէն. բարոյալքել քաղաքացին և անլուծելի դարձնել հասարակական կեանքի խնդիրները։ Անոնք կ՚ուզեն պատերազմը շահիլ ներսէն։

Հայկական կողմի խնդիրը պիտի ըլլայ պահպանել ռազմական գերակայութիւնը Ազրպէյճանի դէմ և տեւաբար հաւասարակշռել միջազգային շահերու հակասութիւնները ի նպաստ իր անվտանգութեան։ Բայց մանաւա՛նդ՝ ստեղծել ինքնավստահութեամբ տոգորուած քաղաքացիական արժանապատիւ միջավայր ձախողութեան մատնելու համար թուրքեւազրպէյճանական սադրանքը։

Այս կէտին վրայ, պէտք է հարց տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ կը փորձեն իրագործել Թուրքիա և Ազրպէյճան ընտրելով թշնամութեան ուղին։ Ի՞նչ կը շահին Հայաստանի տկարացումով, որ այս պարագային կը նշանակէ՝ Արցախի անձնատւութեամբ։ Ի՞նչ է փանթուրքիզմի գրաւը շրջանային այս խաղին մէջ։ Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ, կ՚ուզեմ յստակ ընել, որ կը հիմնուիմ ռազմավարական հետեւեալ առաջադրութեան վրայ։ Առանց ազատագրուած տարածքներու խարիսխին՝ ճակատագրականօրէն կը խախտի Արցախի ինքնապաշտպանական կարողականութիւնը։ Եւ առանց Արցախի՝ Հայաստան կը գտնուի իր գոյութեան ճգնաժամին առջեւ։

Հայկական կողմը սխալելու լուսանցք չունի այս խնդրին մէջ։ Անցեալին, այսինքն1994-ին, դեռ կարելի էր ինչ որ չափով պատկերացնել, որ Հայաստանի անապահովութեան այս մեծ հարցականը միջազգային ազդու երաշխիքներով չէզոքացուէր կարելի դարձնելով կողմերու համաձայնութիւնը։ Դժբախտաբար հայկական կողմը վաղուց համոզուեցաւ, որ այդ երաշխիքները իսկապէս գոյութիւն չունին, քանի որ այդ երաշխաւորները պարզապէս չկան բանակցութիւններու սեղանին վրայ վերը յիշուած բոլոր պատճառներով։

Նաև համոզուեցաւ, որ Ազրպէյճան առհասարակ հետաքրքրուած չէ բանակցելով և իր յոյսը կապած է ռազմական յաջողութիւններու և տնտեսական գերոյժի (leverage)։ Էրտողանի և Ալիեւի համար, փանթուրքիզմի գրաւը փորձիչ է և իրական և այդ իսկ պատճառով բանակցային գործընթացը կը գտնուի տեղքայլի մէջ։

Եթէ Թուրքիա և Ազրպէյճան յաջողին իրականացնել իրենց համաթրքական երազանքը և կարողանան ճեղքել զիրենք աշխարհագրականօրէն բաժնող հայկական պատուարը, հիմնովին կը յեղաշրջուի Կովկասեան Տարածաշրջանի ուժային քարտէզը և թուրքեւազրպէյճանական առանցքը կը հաստատէ ինքզինք, որպէս կովկասեան բեմի գլխաւոր դերակատարը։ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական խարիսխը մեծապէս կ՚ամրապնդուի Սեւ Ծովու աւազանին մէջ և ան կ՚ըսկսի տիրապետող ներկայութիւն ըլլալ Կասպից Ծովու աւազանին մէջ։ Թուրքիա և Ազրպէյճան իրենց հակակշռին տակ կ՚առնեն հիւսիս-հարաւ հաղորդակցութեան ուղիները և Ռուսաստանը կը բաժնեն Իրանէն և Արեւմուտքը կը բերեն պարտադիր գործակցութեան իրենց իսկ թելադրած պայմաններով։

Փանթուրքիզմի յառաջխաղացքը ինքնաբերաբար պայթուցիկ վիճակ կ՚ըստեղծէ Իրանեան Ազրպէյճանի մէջ վտանգելով Իրանի ներքին հաւասարակշռութիւնը։ Ան նաև կը գրգռէ Հիւսիսային Կովկասի և Ռուսաստանի այլ վայրերու թրքացեղ և իսլամ բնակավայրերու անջատողական ախորժակները։ Եւ ի վերջոյ կ՚ըսկսի խլրտիլ Կեդրոնական Ասիան։ Արցախի հիմնախնդրի ետին գոյութիւն ունի ամբողջ թնճուկը տարածաշրջանի բարդ հիւսուածքին, իսկ փանթուրքիզմի հեռանկարները շատ աւելին են քան հայ-թրքական հակամարտութիւնը։

Բնական է, որ փանթուրքիզմի այս հեռանկարներուն հանդէպ չեն կրնար անտարբեր մնալ Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը։ Չի կրնար անտարբեր մնալ և Իրա՛նը։ Փանթուրքիզմի ծաւալապաշտութեան դէմ հեռահար միջոցներ ձեռք պէտք է առնեն Հայաստանն ու Վրաստանը և քիւրտ ազգային շարժումը։ Այս բոլորը ըսելէ ետք, պէտք է վճռականօրէն շեշտել, որ այս մեծ պատկերին հիմնական որոշիչը Արցախի հիմնախնդիրն է, ուր շատ մեծ են վտանգները։ Տարածաշրջանի մեծ սակարկութիւններու սեղանին վրայ մեծապետական ուժերու խաղականոնները արագ վերիվայրումներու կ՚ենթարկուին ամէն օր և այդ խաղին մէջ Արցախը կրնայ նեղ շահերու զոհ դառնալ։

Արցախի լինելիութեան միակ իսկական երաշխաւորը մեր ժողովուրդն է։ Մեր բազմակողմանի պատրաստուածութիւ՛նը։ Արցախի դատը պիտի շահուի ոչ միայն սահմանագծին վրայ, այլեւ աշխարհի բոլոր մեծ մայրաքաղաքներուն մէջ։ Պահել Արցախը իր ազատագրուած միւս տարածքներով՝ մեր ազգային գերակշիռ առաջնահերթութիւնն է այսօր։ Մեր գոյութեան և անկախութեան հզօր գրաւակա՛նը։ Պարտութեան մատնել փանթուրքիզմի քաղաքականութիւնը այս բոլոր ճակատներուն վրայ՝ մեր հաւաքական պարտականութիւ՛նն է։

Կարօ Արմենեան
Փետրուար 11, 2015
Ուաշինկթըն

azadkhosk.com/desaged9001.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail