Թուրքիոյ Միակ Հայկական գիւղին ՄԷջ Կը Բացուի Երկրի Միակ Հայկական Թանգարանը

22/04/2019

Այժմեան (Խմբագիր-Լուսաւոր) Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ գտնուող երկրին մէջ մնացած միակ հայկական գիւղ` Վաքըֆլըի մէջ կը բացուի Թուրքիոյ մէջ առաջին հայկական թանգարանը: Թրքական Milliyet պարբերականի հետ զրոյցին Վաքըֆլըի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ֆոնտի նախագահ Ճեմ Չափարը նշած է, որ այս թանգարանը կ’ապացուցէ, որ հայերն ու թուրքերը ապրած են միասին եւ կրնան ապրիլ միասին: Չափար նշած է, որ թանգարանը Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ յատուկ կարգավիճակ ստացած է եւ աւելցուցած, որ Արեւելեան միջերկրածովեան զարգացման գործակալութիւնը կ’աջակցի թանգարանի բացման: Թանգարանը կը ցուցադրէ Վաքըֆլըի մշակոյթի, լեզուի, պատմութեան, խոհանոցի, պարերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

«Իրականութեան մէջ գիւղական այս թանգարանով կը պատրաստուինք պատմել եւ հայկականութեան, եւ քրիստոնէականութեան մասին: Որովհետեւ համալսարան աւարտած մարդիկ կու գան եւ կը հարցնեն թէ արդեօք Անատոլիոյ մէջ եղած հայկականութիւնը ազգ է, թէ կրօն, արդեօք այստեղի հայերը Հայաստանէն եկած հայեր են, ինչ եղաւ հայերու հետ: Մենք կարիք ունինք պատմելու»․- նշած է Չափար:

Վաքըֆլըի հայկական եկեղեցւոյ վանահայր Աւետիս Թաբաշեան նշելով, որ մինչեւ 1939 թ. Հաթայը եղած է Ֆրանսայի իշխանութեան տակ, աւելցուցած է, որ Մուսա լերան ստորոտին Վաքըֆլըի պէս 6 գիւղ եղած է, սակայն Հաթայի երկրամասի` Թուրքիոյ միանալէ ետք շրջանի հայերու մէկ մասը գաղթած է երկրամասէն, մաս մըն ալ տեղափոխուած է Վաքըֆլը. «Վաքըֆլըի մէջ 35 հայ ընտանիք կ՛ապրի, սակայն մեծամասնութիւնը արտասահմանի մէջ է: Մեր գիւղին մէջ գրագիտութեան մակարդակը 99 տոկոս է: Եկեղեցւոյ մէջ պատարագները հայերէն կը մատուցենք: Գիւղն ունի իւրայատուկ լեզու: Այստեղ բնակողները գիտեն եւ արեւելահայերէն, եւ արեւմտահայերէն, բայց արաբերէն եւ հայերէն խառնուրդով պարպարը ( բառբառ ) մեր յատուկ լեզուն է: Այստեղ բոլորը գիտեն այդ լեզուն». – yerkir.am-ի փոխանցմամբ, նշած է Թաբաշեան:

ayernaysor.am/cl/archives/309415

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail