27 հոկտեմբեր 2015
Յարութ Չէքիճեան կը գրէ.
Առաջին հարցումս պիտի ըլլայ՝ որո՞ւն որոշումով, եւ ո՞վ տեղադրեց քարի վրայ փորագրուած «ԱՅՍ ՏԱՆՆ Է ԱՊՐԵԼ ԵՒ ՄԱՀԱՑԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ 1917-1919» տախտակը: Երկրորդ հարցումս՝ որո՞ւն որոշումով Արամ Մանուկեանի բնակարանին տանիքը, բոլոր յարկերու տախտակամածները եւ շէնքի ետեւի ճակատի պատը քանդուեցաւ: Անկախութեան վերականգնումի օրերուն ինը ընտանիքներ կը բնակէին այդ պատմական շէնքին մէջ: Ի՞նչ պատահեցաւ: Այս անընդունելի յանցագործութիւնը, ազգային պատմական արժէքներու ոտնակոխումը եւ բացայայտ հակասութիւնը դժբախտ իրողութիւններ են այսօր:
Նմանօրինակ անընդունելի եւ աններելի յանցագործութիւն մը կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքին պարագային, որուն պատշգամէն Արամ Մանուկեան հայ ժողովուրդին յայտարարեց անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Տարիներով լսեցինք շէնքի վաճառքին մասին, տեղի ունեցան բողոքներ, մամուլի մէջ յօդուածներ գրուեցան վաճառքին դէմ, սակայն այսօր այս պատմական շէնքը ճաշարանի վերածուած է: Արհամարհեցին եւ ոտնակոխեցին ազգային պետականութեան պատմական արժէքները, խորհրդանիշները, եւ պատկան մարմինները, տեղեակ ըլլալով հանդերձ, անտարբեր մնացին:
Այս տարուան Մայիս 28-ի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութեան ծիրին մէջ ճիգ չխնայուեցաւ պետական Հ1 հեռատեսիլի կայանէն, պատմաբաններու երկարաշունչ զրոյցներով Արամ Մանուկեանէն բացի այլ անձնաւորութիւններու դերակատարութեան մասին գովաբանութիւն կատարելու: Արդեօք միտո՞ւմ կայ նսեմացնելու Արամ Մանուկեանի դերակատարութիւնը եւ նոր պատմութիւն գրելու (ինչպէս որ կը փորձուի աղաւաղել Հայաստանի անկախութեան դրօշ եռագոյնը՝ երրորդ գոյնը կոչելով ծիրանագոյն, փոխան նարնջագոյնի), թէ՞ արդէն բոլորին յայտնի է Արամ Մանուկեանի անփոխարինելի եւ վճռորոշ դերը մեր անկախութեան կերտումին մէջ:
1918-ին կառավարութեան շէնքի այս պատշգամէն Արամ Մանուկեան յայտարարեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը: Ներկայիս ճաշարանի վերածուած է…
1918-ին կառավարութեան շէնքի այս պատշգամէն Արամ Մանուկեան յայտարարեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը:
Կ՛իմանանք, որ Արամ Մանուկեանի բնակարանը գոնէ երկրորդ անգամ վաճառուած է. անուններ չեմ կրնար յայտնել, քանի որ երկու պարագաներու վաճառման փաստաթուղթերը չեմ տեսած: Ներկայիս լքուած բնակարանին հինգ տեսակի հաւանական ճակատագիր կը սպասէ, նկատի առնելով այսպիսի կառոյցներու նախընթացները (ստորեւ տեսնել օրինակներու լուսանկարները): Առաջինը՝ ձգել իր ներկայ վիճակին, որ բնական մաշումով քանդուի եւ փուլ գայ: Երկրորդը՝ իտէալը, վերականգնել շէնքը եւ վերածել զայն տուն-թանգարանի: Երրորդը՝ այլ նոր շինարարութեան մը համար, առանց վերապահութեան, բոլորովին քանդել շէնքը: Չորրորդը՝ թուագրել շէնքին պատմական քարերը եւ այլ տեղ փոխադրել՝ վերականգնելու համար տուն-թանգարանը, կամ՝ բոլորովին այլ ապարանքի մը շինութեան համար օգտագործել քարերը: Հինգերորդը՝ պահել շէնքին ճակատը եւ ներառել զայն բազմայարկ նոր շէնքի մը մէջ՝ պահելով տուն-թանգարանի հանգամանքը, կամ արձանագրութիւնը եւ կամ՝ ոչինչ…
Արդեօք գոյութիւն ունի՞ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական, քաղաքական, ազգագրական, մշակութային յուշարձաններով զբաղող վերահսկիչ մարմին, յանձնաժողով եւ այլն: Այո՛, գոյութիւն ունի մշակոյթի նախարարութեան մէջ երկու գործակալութիւն՝ «Մշակութային արժէքների պահպանութեան գործակալութիւն» եւ «Պատմութեան ու մշակոյթի յուշարձանների պահպանութեան գործակալութիւն», իրենց արտօնութեա՞մբ կը կատարուին այս բոլորը: Ներկայ տրամաբանութեամբ, եթէ յարմար գումարը վճարուի, Գառնի տաճարը կարելի՞ է ճաշարանի վերածել:
Հարիւրաւոր յայտնի եւ ոչ այդքան յայտնի անձնաւորութիւններու տուն թանգարաններով լեցուն այսօրուան Հայաստանի մէջ ամօթալի է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանի չգոյութիւնը: Ընդհակառա՛կը, գոյութիւն ունեցող բնակարանը փոխանակ տուն-թանգարանի վերածելու՝ զայն կիսաքանդ վիճակի մատնելու արարքը եւ իրողութիւնը: Հայաստանի կառավարութենէն կ՛ակնկալուի որոշում՝ սրբագրելու այս սխալը, վերականգնելու եւ իր հարազատ բնակարանին մէջ հաստատելու Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանը:
Ողջ հայութիւնը կը սպասէ Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանը այցելել իր վերականգնուած հարազատ պատմական միջավայրին մէջ՝ Արամ Մանուկեան փողոց, թիւ 9 հասցէով
ԵՐԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com/