24 ԱՊՐԻԼ 2019 – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումներէն անդին, հայ քաղաքական միտքը հետեւողականօրէն արծարծած է հիմնահարցին քաղաքական հնչեղութիւն տալու եւ Թուրքիոյ հետ առնչուած տարբեր ուղղութիւններուն այժմէական նշանակութեամբ ո՛չ միայն վերլուծաբանութիւն զարգացնելու, այլ նաեւ քաղաքական դիրքորոշումներ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս տեսութիւնը ինքնին քաղաքականօրէն ընկալելի է. ըստ տարածաշրջանի եւ քաղաքական պայմաններու, հարցը էապէս ուրիշ երանգաւորում կը ստանայ եւ պարզապէս զոհերու յիշատակը յարգելը կամ զանոնք խորհրդանշող կոթողի կամ մատուռի մը յատուկ այցելութիւնը կրնայ շատ սուր քաղաքական ուղերձներ փոխանցել: Առանց գրառումի, առանց յատուկ յայտարարութեան, այցելութեան արարքը ինքնին նախանշային իրադարձութիւն կրնայ նկատուիլ:
Եթէ Եւրոպայի մէջ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու աշխատանքը քաղաքական օրակարգ է, ապա Ուաշինկթընի մէջ ճանաչումէն անդին Քոնկրեսի մէջ հատուցման թղթածրարին առաջնորդող բանաձեւերու ապահովումը առաջնային խնդիր է: Մինչ, արաբական երկիրներու մէջ եղանակ ճշդող պետութիւններէն Սէուտական Արաբիոյ Լիբանանի մէջ դեսպանին պարզապէս այցելութիւնը Անթիլիասի Նահատակաց մատուռ ամբողջ աշխարհի մը մէջ նոր ձեւաւորուող ենթահողի մը նախապատրաստութիւնը կրնայ նկատուիլ:
Երանգային տարբերութիւնները ռազմավարութեան ճշդումի համար կարեւոր են: Դերերու բաժանումը` հայրենիք-սփիւռք գերակայ ուղղութիւններու վրայ, աւելի քան ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Եւ եթէ Ազրպէյճանի պատերազմական յարձակողապաշտութիւնը զսպող եւ ապա` զսպելու փոխարէն իւրաքանչիւր յարձակումին նոր տարածքներ ազատագրելու յայտարարութիւնը կատարող պաշտպանական քաղաքականութեան բանաձեւը կը յայտարարուի, ապա երկրորդ ճակատի ուղղութեամբ նոյն հռետորաբանութիւնն ու նոյն ոճը չօգտագործելու քաղաքական պահուածքը համոզիչ կը թուի:
Հայաստանի նորահաստատ իշխանութեան համար հայ-թուրք յարաբերութիւններուն առումով նոր դիրքորոշումի, նոր նախաձեռնութեան որեւէ նախադրեալ չի յայտնուիր: Մինչ Անգարան քանի մը առիթներով կը վերահաստատէ իր նախապայմանային քաղաքականութիւնը:
Երեւանը կը խոստանայ տնտեսական յեղափոխութեան կայացում` թռիչքաձեւ զարգացումի առաջադրանքը յայտարարելով: Տնտեսական յեղափոխութիւնը կրնայ պատկերացուիլ նաեւ Հայաստանի ապաշրջափակումով: Այստեղ է արդէն, որ «զարգանալ առանց զիջելու» հրամայականը ինքզինք զգալի կը դարձնէ` ապաշրջափակումը առանց նախապայմաններու իրականացնելու սկզբունքայնութեամբ:
100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը ժամկէտանց փաստաթուղթ չէ եւ չի վերաբերիր միայն 100-ամեակին առիթով տարուած քաղաքական աշխատանքներուն: Անիկա ուղենշային է ու հայեցակարգային ընդհանրապէս մեր հեռանկարային աշխատանքներուն համար, ուր ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, այլ նաեւ քաղաքական հետագայ աշխատանքները ուղենշելու առումով կան ելակէտային սկզբունքներ: Այնտեղ կան հիմնադրոյթներ, որոնք կը վերաբերին համահայկական բազմաթիւ օրակարգերու եւ մանաւանդ այդ բոլորին համաձայնութիւնը ապահովելով` միասնական աշխատելու այդ նպատակներու իրականացման համար նոր կառոյցներ յառաջացնելու:
Այդ կառոյցները տարբեր հարթութիւններու վրայ կարելի չէ քննարկել: Համահայկական հարթակը եւ համահայկական օրակարգը, որոնց առաջնահերթութիւնը հնչեց Հայաստանի վարչապետին կողմէ եւս, ձեւաւորուելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած են:
Համահայկական օրակարգերու շուրջ արդէն կայ ընդհանուր համաձայնութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի կազմակերպ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Պետականութիւնը եւ այս պարագային նման համընդգրկուն համաձայնութիւնները շարունակականութիւն կ՛ենթադրեն: Ուրեմն, համահայկական օրակարգի նախադրեալները արդէն կայացած են եւ յայտարարուած` հռչակագիրով: Կը մնայ հարթակի վերաձեւաւորումն ու աշխատանքային ուղիներու եւ կառոյցներու ճշդումը:
Պայմանները տարբեր են, երանգային տարբերութիւնները ըստ առաջադրանքի` զգալի. սակայն կայ արդէն ընդհանուր նպատակները բանաձեւող փաստաթուղթը. կը մնայ յառաջացնել հարթակը, մշակել ռազմավարութիւնը եւ այդ բոլորի իրականացման գործիքակազմը: Յետաձգելը արդարացում չունի: Իրադրութիւնները արագ են, եւ յարափոփոխութիւնը ներկայ դարու աշխատանքային մեթոտի վերածուած է: Յապաղելու հետեւանքները ներկայ արագութեան մէջ բազմակիօրէն կը վնասեն:
Հայ քաղաքական միտքը պէտք է հնչեցնէ առաջնային այս օրակարգի իրականացման անցնելու անյետաձգելիութիւնը:
aztagdaily.com/archives/435592