Աւելի Քան 20 Հազար Լիբանանահայեր Տպաւորիչ Քայլարշաւով Վերահաստատեցին Իրենց Պահանջատիրութիւնը Եւ Վերանորոգեցին Սրբազան Ուխտը
26 ԱՊՐԻԼ 2019 –
Ամբողջական եւ արդար հատուցման պահանջով, 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստը տուաւ հայկական պահանջատիրութեան յառաջամարտիկը ըլլալու իրականութեան, երբ աւելի քան 20 հազար հոգիով, իրաւատէր ու վճռակամ շարքերով, Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք քալեց, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով յարգանքի իր տուրքը ընծայեց հայութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասեալ նահատակներուն` ուխտելով աւանդապահը ըլլալ անոնց անմեռ կտակին:
Բազմամարդ ու կարգապահ քայլարշաւով 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը լուրջ պատգամներ յղեց հեռուին ու մօտին` բարձրաձայն գոչելով, թէ ինք կը մնայ հզօր ու կազմակերպ, գիտակից` ազգային իր ինքնութեան, արժէքներուն եւ պարտաւորութեան: Լիբանանահայութիւնը յայտարարեց, թէ գիտէ տարեցով ու երիտասարդով, մանուկով ու պատանիով ոտքի կանգնիլ պէտք եղած պահուն ու իր ձայնը լսելի դարձնել համայն աշխարհին, գիտէ տէր կանգնիլ իր արդար իրաւունքներուն եւ անկաշկանդ ու համարձակ քայլերով դիմակայել ամէն տեսակի խոչընդոտները, որոնք կու գան ցցուելու իր ազգային կեանքին դիմաց: 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը քայլարշաւով վերահաստատեց, որ տէրն է իր արժանապատուութեան եւ արտայայտեց արդարութիւնը ամէն գնով իրականացնելու իր տենչը:
Եղածը լոկ քայլարշաւ չէր, այլ փաստ, որ լիբանանահայութիւնը կը մնայ պայքարի առաջին պատնէշին վրայ, փաստ, որ ան գիտէ իրեն ուղղուած կոչին ընդառաջել եւ հայկական թաղամասերն ու լիբանանեան փողոցները ողողել արդարութիւն, ճանաչում եւ հատուցում պահանջող իր զաւակներով: Փաստ, որ լիբանանահայութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր նահատակներուն եւ գիտէ ապրիլ 24-է ապրիլ 24 պահանջատիրութեան դրօշն ու պայքարի կամքը փոխանցել նոր սերունդին: Փաստը նախանցեալ երեկոյեան քայլարշաւին մասնակցած հազարաւոր երիտասարդները, պատանիներն ու մանուկներն էին, որոնք չյոգնեցա՛ն քալելէ, չդժգոհեցա՛ն երկար ճամբէն, չտատամսեցան, կանգ չառին, որովհետեւ անոնք գիտցան ու սորվեցան, որ իրենց ճամբան, հայ ժողովուրդի պայքարի՛ ճամբան երկար է ու դժուար, որովհետեւ այդ ճամբան է, որ կ՛առաջնորդէ Մուշ, Վան, Կարս ու Արտահան, հոն, ուրկէ բռնի դուրս դրուած էին 104 տարի առաջ եւ հոն, ուր պիտի վերադառնանք «վաղ թէ ուշ»:
24 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, լիբանանեան իրաւապահ մարմիններուն տուեալներով, աւելի քան 20 հազար լիբանանահայեր, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կոչին ընդառաջելով, Պուրճ Համուտէն ուղղուեցան Անթիլիաս: Շուրջ մէկուկէս ժամուան նախաձեռնութեան մասնակցեցան Լիբանանի բոլոր շրջաններէն հայորդիներ, որոնք ամբողջ օրը իրենց վաճառատուներն ու հաստատութիւնները փակ պահելէ ետք, ընտանիքներով մասնակցեցան ազգային իրենց պահանջատիրութիւնը արտայայտող ժողովրդային քայլարշաւին:
Ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան ժամը 8:30-ին` Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա` Եղեռնի նահատակաց մատրան յիշատակի ծաղկեպսակներ զետեղեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի անունով հիւպատոս Ժամալ Նաժիպ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան: Ան ըսաւ, որ մենք այսօր կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող առաջին յուշակոթողներէն մէկուն կողքին` բարձրաձայնելու համար, որ մենք արդէն ճանաչման ու պահանջատիրութեան սահմանները հատելով` անցած ենք հատուցման պահանջատիրութեան ոլորտ: 1915-ին գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը անժխտելի իրողութիւն է: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն պետութիւններուն, միջազգային կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնք քաղաքական խիզախութիւնը ունեցան ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը` որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած սոսկալի ոճրագործութիւն եւ այսօր ալ կը շարունակեն այդ ուղղութեամբ իրաւական քայլերու ձեռնարկել` կանխելով ժխտողական վտանգաւոր դրսեւորումները:
Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանը կը շարունակէ մնալ միակ արաբական երկիրը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ ըսաւ, որ արաբական աշխարհին մէջ ընթացք առած են Լիբանանի օրինակին հետեւելու նախաքայլերը, ինչպէս որ Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը Լիբանանի մէջ այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, Եգիպտոսի նախագահը միջազգային ժողովի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան:
Յ. Հանտեան ըսաւ, որ վերջերս Ֆրանսայի մէջ ապրիլ 24-ը Ցեղասպանութեան օր հռչակուեցաւ նախագահին կողմէ, Իտալիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող որոշումը որդեգրելով` կառավարութեան կոչ ուղղեց պաշտօնապէս ճանչնալու եւ այդ հարցը միջազգային հարթակներու վրայ ալ արծարծելու: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման երթը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի ներգրաւելով յաւելեալ` մարդկային արժանապատուութիւնը եւ արդարութիւնը պաշտպանողներ:
Հանտեան ըսաւ. «Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռակողմանի միասնակամութեամբ, նախաձեռնութեամբ, պիտի շարունակենք միջազգային պայքար տանիլ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար, առ այդ, Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարի իրաւական բեմահարթակի փոխանցման անցումը ընթացքի մէջ է, եւ մենք պէտք է վերականգնենք 1920 թուականի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան յաղթահարման հարցի գծով»:
Խօսքի աւարտին Յակոբ Հանտեան ըսաւ. «104-ամեակին առիթով, եկէք, միասնաբար վերահաստատենք մեր կամքը եւ ուխտենք ընել մեր կարելին` յանուն արդարութեան եւ մեր ազգի իրաւունքներու վերատիրացման, ապաւինելով մեր սեփական ուժերուն եւ հաւաքական կամքին: Ահա այս է մեր ազգին ու հայրենիքին հզօրացման ուղին»:
Անկէ ետք արաբերէնով խօսք առաւ նախագահական պալատի հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ողջոյնը ուղղեց մայրավանքին մէջ համախմբուած պահանջատէր հայութեան` դիտել տալով, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական օրէնք ընդունած հայութեան նկատմամբ օսմանցիներուն գործած Ցեղասպանութիւնը անմոռանալի է: Ան աւելցուց, որ անկարելի է մոռնալ նաեւ ասորիներուն եւ քաղդէացիներուն հաշուոյն գործուած ոճիրները, նաեւ` ժամանակագրական նոյն փուլին լիբանանցիներուն սովամահութիւնը միեւնոյն ոճրագործին ձեռամբ:
Նախարար Ժրայսաթի շեշտեց, որ այնքան ատեն որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը առկայ կը մնայ, արիւնահոսութիւնը կը շարունակուի, հայ ժողովուրդին վէրքը չի սպիանար, իրերայաջորդ սերունդներ կը շարունակեն յիշել ու ցաւիլ, գիտակցիլ, որ տակաւին արդարութիւն չէ տնօրինուած իրենց պապերուն դէմ գործուած ոճիրը կատարողին հաշուոյն: Անոր համաձայն, այսպիսով անարդարութեան պատ կը հիւսուի, պատմական ճշմարտութիւններ կը ժխտուին, սերունդէ սերունդ այս գերութիւնը կը փոխանցուի, մինչեւ որ յանցանքի գիտակցութիւնը ունենայ ոճրագործը` տեղ տալով խաղաղութեան, յոյսի ու արդարութեան թեւածման:
Ապա նախարար Ժրայսաթի ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը Լիբանան եկաւ, ինչպէս իրենք եկան` ապահով երդիքի տակ եւ բարեբեր ու խոստմնալից հողի վրայ ապրելու` շեշտելով, թէ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պահերուն, հայութիւնը, ունենալով դաժան փորձառութիւն, միշտ ալ գիտցաւ կամուրջները կանգուն պահել: Ըստ անոր, այդպիսով, Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք լիբանանահայութիւնը եղաւ Լիբանանի հիմնադիր եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը` մասնակից դառնալով լիբանանեան պետութեան որոշումներուն ամենայն ատակութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:
Խօսքի աւարտին Սելիմ Ժրայսաթի դիտել տուաւ, որ ըսուած է, թէ ցաւը հրաշքներ կը գործէ, իսկ անոր լաւագոյն դրսեւորումը նկատեց Լիբանանի մէջ միասնական համակեցութիւնը` մաղթելով, որ ամէն մարդ իր սրտէն ու յիշողութենէն վանէ անցեալի դեւերը, նոր Էնվեր փաշաներ չծնին, որպէսզի կարելի ըլլայ խաղաղ ապրիլ ու գոյատեւել:
Աւարտին իր պատգամը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ.
«Դարձեալ ապրիլ 24 է. հայուն համար ամէ՛ն օր ապրիլ 24 է…:
Արդեօք կա՞յ հայ մը այս երկրագունդին վրայ, որ չի գիտեր իւրայատուկ իմաստը, խորհուրդն ու պատգամը այս օրուան: Ապրիլ 24-ը հայուն արեան հետ միախառնուած է, կեանքին հետ շաղախուած եւ ապրումներուն ու ձգտումներուն հետ ընդելուզուած:
Յիշեցումի, երախտագիտութեան եւ պահանջատիրութեան օր է ապրիլ 24-ը: Այս խոր գիտակցութեամբ ու ամուր յանձնառութեամբ հայ ժողովուրդը այսօր ի սփիւռս աշխարհի իր հաւատքն ու յոյսը կը վերանորոգէ, իր կամքն ու պայքարը կը ջրդեղէ` ի խնդիր իր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման:
Այսօր, առաջին հերթին, ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ օր է.
– Յիշեցումի օր` իր մէջ հայու արիւն ունեցող իւրաքանչիւր հայուն, որ ինք, որպէս հարազատ զաւակը ցեղասպանութեան զոհ դարձած ժողովուրդի մը, իրաւատէրն է մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին եւ պահանջատէրը անոնց իրաւունքներուն` իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ:
– Յիշեցումի օր` Հայ դատի մարմիններուն, որ կարենան ներկայ ժամանակներու պայմաններուն ու աշխարհաքաղաքական շահերու համահունչ մարտավարութեամբ հետապնդել Հայ դատը` Ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր յատուկ կարեւորութիւն ընծայելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման:
– Յիշեցումի օր` Հայաստանի Հանրապետութեան, որ որպէս միջազգային համայնքէն ներս իրաւատէրը Հայ դատին` կոչուած է իր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ միշտ առաջնահերթ տեղ տալու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման, ինչպէս որ նշուած է 100-ամեակի Համահայկական հռչակագրին մէջ:
– Յիշեցումի օր` ցեղասպանին, որ մեր ժողովուրդին համար ընդունելի չէ երբեք իր ցաւակցութիւնը, 1915-ին, իր բացատրութեամբ` պատերազմական պայմաններուն մէջ մահացած հայերուն համար: 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ոճիրը ցեղասպանութիւն է, եւ սա քննելի, վիճելի կամ բանակցելի նիւթ չէ հայ ժողովուրդին համար:
Այսօր նաեւ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ օր է:
– Երախտագիտութիւն` Լիբանանին եւ այն բոլոր արաբական ու իսլամական երկիրներուն, որոնք ոչ միայն Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ իրենց հացը կիսեցին, այլ նաեւ եղան պաշտպան հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն:
– Երախտագիտութիւն` բոլոր այն երկիրներու խորհրդարաններուն, որոնք անցնող տարիներուն եւ մինչեւ վերջին օրերուն պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը:
– Երախտագիտութիւն` բոլոր այն պետական եւ քաղաքական պատասխանատուներուն, որոնք Ցեղասպանութեան յիշատակի օր ճշդելով, յայտարարութիւններ կատարելով եւ հրապարակային ելոյթներով ու այլ միջոցներով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար Դատին:
– Երախտագիութիւն` բոլոր այն օտար ազգերու մտաւորականներուն, որոնք գիրի թէ խօսքի ճամբով հաստատեցին Հայոց ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրողութիւնը:
Այսօր նաեւ ու մանաւանդ մեր ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ օր է:
Պահանջատէր է իւրաքանչիւր հայ, պահանջատէր պիտի դառնայ Աստուծոյ օրհնութեամբ ծնելիք իւրաքանչիւր հայ մանուկ: Պահանջատէր ենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ոճիրը ցարդ կը մնայ անպատիժ ու մեր իրաւունքները` բռնաբարուած:
Միջազգային օրէնքը, նոյնի՛նքն ցեղասպանին կողմէ որդեգրուած միջազգային հռչակագիրները յստակօրէն կը հաստատեն`
– Որ ազգի մը դէմ գործադրուած ջարդը ցեղասպանութիւն է,
– Որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր է եւ, հետեւաբար, զայն ծրագրողներն ու գործադրողները ենթակայ են խստագոյն պատիժի,
– Որ Ցեղասպանութեան դատապարտումն ու ճանաչումը անպայմանօրէն կ՛ենթադրէ նաեւ հատուցում:
Արդ, մենք միջազգային օրէնքի լոյսին տակ մեր ազգի ցարդ անտեսուած, սակայն անժամանցելի իրաւունքները կը պահանջենք: Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2015-ին դատական հայց ներկայացուցինք Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Դատարանը դատավարական անհիմն պատճառներով մերժեց նոյնիսկ քննել դատական թղթածրարը: Ապա դիմեցինք Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան: Այս վերջինը զայն յղեց թրքական դատարան: Այս մօտեցումներու ետին, բնականաբար, քաղաքական գործօնը տիրական էր: Կ՛ուզեմ սա պահուն յայտարարել, որ քանի մը շաբաթ յետոյ դարձեալ պիտի դիմենք թրքական դատարան: Մեր Ս. Աթոռը վճռած է իրաւական գործընթացը նոյն թափով շարունակել` հակառակ մեր դիմաց գտնուող բազմատեսակ դժուարութիւններուն:
Արդարութեան ու ճշմարտութեան համար հալածուած ու պայքարած Պօղոս առաքեալ կոչ կ՛ուղղէ` ըսելով` «Արդարութեա՛ն ծառայեցէք» (Հռ. 6.19):
Սա պահուն, սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն առջեւ կանգնած, առաքեալի կոչին միացնելով մեր նահատակներուն ու ժողովուրդին ձայնը` կոչ կ՛ուղղենք աշխարհի պատասխանատուներուն.
Արդարութեա՛ն ծառայեցէք…
Մի՛ ձգէք, որ մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու էութիւնը կազմող արդարութիւնը զոհը դառնայ աշխարհաքաղաքական ժամանակաւոր շահերուն:
Մի՛ ձգէք, որ ցեղասպանը զանազան դիմակներ գործածելով` մոլորեցնէ հանրային կարծիքը եւ իր սպառնական ոճով փորձէ ձախողութեան մատնել հայանպաստ որեւէ քայլ:
Մեր պահանջատիրական ձայնը պիտի չդադրի, ու պահանջատիրական պայքարը կանգ պիտի չառնէ, մինչեւ որ արդարութիւն կատարուի հայ ժողովուրդին:
Ա՛յս է պատգամը մեր նահատակներուն:
Ա՛յս է սրբազան ուխտը նահատակներու զաւակներուն»:
aztagdaily.com/archives/435754