27/04/2019 100 ՏԱՐԻ ԱՆՑ, Աշխարհ:
«Նոր Յառաջ»- Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով Ապրիլ 24-ին Փարիզի եւ շրջաններէն շուրջ հինգ հազար Հայեր համախմբուած էին Կոմիտասի արձանին մօտ, ուր առաջին անգամ ըլլալով Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ պիտի ոգեկոչուէր իբրեւ «Հայոց ցեղասպանութեան ազգային օր»։
Վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի կողքին, քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ, Փարիզի շրջանային խորհուրդի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամ, դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, CCAF-ի համանախագահներ՝ Փափազեան եւ Թորանեան մասնակցեցան ծաղկեպսակներու զետեղումի արարողութեան, ուր առաջին անգամ ըլլալով Փարիզի Ոստիկանութեան փողերախումբը նուագեց Կոմիտասի մշակած երգերէն «Սիրաւոր Լորիկ»-ը ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ վայրկեան մը լռութեան պահպանում՝ Նախկին ռազմիկներու հակած դրօշներու ներքեւ։
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Ներքին գործոց նախարար Քրիսթոֆ Քասթաներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, զանազան քաղաքապետարաններու ընտրեալներ, ֆրանսական կուսակցութեանց եւ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Նախ խօսք առին CCAF-ի համանախագահները։ Մուրատ Փափազեան դիմելով վարչապետին նշեց, թէ Ֆրանսան կրնայ շինիչ երկխօսութիւն սկսիլ Թուրքիոյ հետ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարթակին վրայ։ Իր կարգին Արա Թորանեան հայ համայնքին երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի նախագահին՝ որ իր պատմական պատասխանատւութիւնը ստանձնելով Ապրիլ 24-ը յիշատակի ազգային օր հռչակեց։
Փարիզի քաղաքապետուհին յայտնեց, թէ՝ երաժշտագէտ Կոմիտասը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդը՝ իր զգայուն հոգիով եւ ապացուցուած քաջութեամբ։ “Հայ ժողովուրդը գիտակից է իր պատմութեան, առանց երբեք անոր գերին ըլլալու”, շեշտեց Տիկ. Հիտալկօ։
Այնուհետեւ վարչապետը իր ելոյթը սկսաւ հետեւեալ յատկանշական խօսքով. “«Հայաստանը կը հիւծի, բայց ան պիտի վերածնի»” եւ շարունակեց. “«Անոր մնացած մէկ կաթիլ թանկարժէք արիւնէն պիտի ծնի հերոսական սերունդ մը»։ Երբ Անաթոլ Ֆրանս 1916 Ապրիլ 9-ին այս բառերը կ՚արտասանէր Սորպոնի մէջ, արդէն տեղի ունեցած էր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Ազատութեան պահակներ՝ Անաթոլ Ֆրանս, Շառլ Փեկի փորձած էին դատապարտել Հայերուն դէմ գործուած կոտորածները 1894-էն։ Երեսփոխանական պալատը եւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ՝ որոնց կարգին Ժան Ժօրէս, 1896 Նոյեմբեր 3-ին արդէն այս հարցով դիմած էին կառավարութեան։ Հայ թէ օտար մտաւորականներ եւ յանձնառու մամուլը լայնօրէն ահազանգած էին՝ պահանջելով եւրոպական տէրութիւններու միջամտութիւնը, որպէսզի յարգուին ստորագրուած դաշնագրերը, սակայն Ա. Աշխարհամարտը պայթեցաւ եւ որուն ալ հետեւեցաւ՝ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու ողբերգական փորձը…”։
Վարչապետ Ֆիլիփ աւելցուց. “մէկ դարէ աւելի է, որ իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին կ՚ոգեկոչենք հայ ժողովուրդի անթաղ նահատակներուն, բայց նաեւ՝ վերապրողներուն եւ անոնց աջակցողներուն յիշատակը…։ Ֆրանսան երբեք պիտի չթոյլատրէ որեւէ կեղծիք եւ որեւէ ճնշում”, այս վերջին խօսքով ան կը պատասխանէր Թուրքիոյ կառավարութեան ծանօթ յայտարարութիւններուն։ Վարչապետը իր ելոյթը աւարտեց հետեւեալ բառերով. “Առանց երբեք մոռնալու կրնանք ցաւերու եւ երբեմն ալ խոշտանգումներու ժամանակը վերածել հաշտութեան եւ բարեկամութեան ժամանակի՝ «կեանքի՛ ժամանակի»”։
Ապա Ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ արդարութիւն պահանջող պաստառներ պարզած ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի թրքական դեսպանատունը։ Խաղաղ ցոյցը աւարտեցաւ իրիկուան ուշ ժամերուն։
* * *
Յայտնենք, թէ նախօրդ օր ալ Փարիզի «République» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ երիտասարդութեան կողմէ կազմակերպուած հսկումի ձեռնարկը, որու ընթացքին երաժշտական տարբեր խումբեր եւ երգիչ-երգչուհիներ ելոյթներ ունեցան, ինչպէս՝ «Երեք», «Լաւաշ», Սարգիս Նաճարեան, Շուշան Ճերկայեան, Արտիոմ Մինասեան…։ Այս տարուան նշանաբանն էր՝ «Անոնք վերապրեցան, մենք կ՚ապրինք, դուն պիտի փոխանցես»։
Հետաքրքրական երեւոյթ մըն էր երբ տեղւոյն վրայ խումբ մը արուեստագէտներ Ցեղասպանութեան յիշատակի պատը պատրաստեցին, իրենց սքանչելի նկարչութիւններով։ Իրական կենդանի պատկեր մը…։
Թ.Շ.
hayernaysor.am/cl/archives/310414