27 ԱՊՐԻԼ 2019 –
ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասնեակէն 26 Ապրիլին տեղեկացանք, որ ան Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի օգնական Ֆուաթ Օքթային յղած է հետեւեալ նամակը, պատասխանի պահանջով.
«Նախագահ Էրտողան հայոց Մեծ Եղեռնի 104րդ տարելիցին առթիւ, 24 Ապրիլ 2019ին կատարած յայտարարութեան մէջ նշած է. «Մեր արխիւներուն դռները բաց են բոլոր անոնց առջեւ, որոնց նպատակն է բացայայտել ճշմարտութիւնը: Մենք գաղտնիք չունինք», այսպիսով շեշտելով, թէ պետական արխիւները բաց են բոլոր ուսումնասիրողներուն առջեւ:
Ուստի, կը հարցնենք, թէ հայոց դէմ գործուած մարդկային յանցագործութեանց ոճրագործները դատելու նպատակով 1919-1922ին գործած պատերազմական ատեանի ատենագրութիւնները ո՞ւր կը գտնուին: Ուսումնասիրողներ կը յայտնեն, թէ յիշեալ ատենագրութիւնները հասանելի չեն պրպտողներուն:
Պատերազմական ատեանի ատենագրութիւնները պետական արխիւներուն մէջ չե՞ն գտնուիր: Յիշեալ ատենագրութիւնները առաջին անգամ ե՞րբ արխիւ մուտքագրուած են: Ատենագրութիւններուն տուեալները վերջին անգամ ե՞րբ եւ ո՞ր արխիւի գրացանկին վրայ էին: Ո՞ւր են եւ ո՞ր արխիւին մէջ ի պահ դրուած են այս ատենագրութիւնները, եթէ իրականութեան չեն համապատասխաներ բնագիրներու բացակայութեան կամ անոնց անհասանելիութեան վերաբերեալ պնդումները:
Ուսումնասիրողներ, որոնք «կ՛ու-զեն ճշմարտութիւնը բացայայտել», ի՞նչ միջոցով պիտի կարենան հասնիլ այդ ատենագրութիւններուն»:
Միւս կողմէ, «Էրմենիհապեր»ի համաձայն, Փայլան, անդրադառնալով Էրտողանի յայտարարութեան միւս բաժիններուն՝ «Թուիթըր»ի վրայ գրած է. «Նախագահ Էրտողան Ապրիլ 24ի տարելիցին նախագահականին մէջ ունեցած ելոյթին ատեն ըսաւ, որ աքսորը այդ ժամանակաշրջանին ամենաողջամիտ քայլը կրնար ըլլալ: Ան Թալէաթի, Էնվերի, Ճեմալի ռազմական խորհուրդին կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ կիրառուած քաղաքականութեան տէր կանգնեցաւ: 104 տարի անցաւ, սակայն ցաւօք մտածելակերպը նոյնն է»: Այլ գրառումի մը մէջ Փայլան նշած է. «Էրտողան իր հրապարակած ցաւակցական ուղերձին մէջ ըսաւ. «Այս տարի ալ կը յարգեմ Համաշխարհային Ա. պատերազմի պայմաններուն մէջ մահացած օսմանցի հայերուն յիշատակը»: Այս յայտարարութեան մէջ ոճրագործ չկայ: Հայ ժողովուրդը ոչնչացուած է պետութեան որոշումով: Այն ցաւակցութիւնը, որ չի բանար արդարութեան ճանապարհը, վէրքին դարման չ՛ըլլար»:
asbarez.com/arm/344088/Փայլան-Թուրքիոյ-1919-1922ի-Պատերազմական-Ատեա/