27 ԱՊՐԻԼ 2019:
Հայոց Մեծ Եղեռնի կամ իրաւական անուանումով՝ Ցեղասպանութեան 104ամեակը կը թելադրէ պահ մը դուրս գալ մեր ազգային ողբերգութենէն եւ դիտել համաշխարհային համայնապատկերը: Տեսնել, թէ այսօր ի՛նչ է դէպի ցեղասպանութիւն ձգտող՝ ոխի ու ատելութեան, անձերու անհատական պատկանելութեան դէմ անհանդուրժողութեան ընդհանուր պատկերը: Երեւի թէ նման փորձ մը պիտի պարզէ, թէ աշխարհը այսօր շատ աւելի դիւրին պիտի համակերպի այս բառով բնութագրուած վայրագութիւններուն:
Պատմութեան էջերը արդէն իսկ ընդմիշտ լեցուն էին վայրագութեան զանազան օրինակներով: Բայց ներկայ ժամանակի սպառնալիքները կը գերազանցեն անցեալի բոլոր վայրագութիւնները: Անշուշտ որ այս զարգացումին մէջ, խիստ կարեւոր դերակատարութիւն ունին ճարտարագիտական զարգացումները: Մարդիկ գիտութիւնը շահագործեցին վայրագութեան եղանակները զարգացնելու համար պարզապէս:
Յաջողութիւն տեսան աւելի կործանիչ, աւելի մարդասպան զէնք ու զինամթերքի տիրանալու մրցումին մէջ յառաջանալով: Չկրցանք գիտակցիլ, թէ նման յաջողութիւնը, իրականութեան մէջ, մարդկային առումով, կատարեալ սնանկացում մըն էր: Փիրուզի յաղթանակ մըն էր այդ մէկը, որուն համար կարելի չէր ուրախանալ: Բայց իբրեւ թէ «քաղաքակիրթ» ածականով ներկայացող երկիրներ պահ մը իսկ չվարանեցան այդ Փիրուզեան յաղթանակին հասնելու չար միտքին մէջ: Վասնզի մեր մարդկութեան առումով չար համարածը, իրենց համար շահ-շահոյթ կը նշանակէր: Հարստութիւններ դիզեցին մարդկային սրբութիւնները ոտնակոխելով:
Բայց ամէն չարիք հունտի մը նման աճեցաւ իր ինկած հողաշերտին մէջ եւ բերաւ այսօրուան չարիքներու կուտակումը: Մենք՝ հայերս, բնականաբար ունէինք սեփական ողբը եւ չկրցանք անդրադառնալ, թէ այդ մեր ընդունած կաղապարով քաղաքակիրթ համարած երկիրներու վարիչները ի՛նչ դերակատարութիւն ունեցան բոլոր այս չար արարքներու կուտակումին մէջ:
Օրինակի համար, երբ Թրամփ կը խօսէր Մեքսիքայի սահմանին պատ հիւսելու մասին, ի՞նչ էր մեր հակազդեցութիւնը: Ինչե՞ր զգացինք, երբ ՏԱԷՇի մարդասպանները վայրագօրէն կ՛առեւանգէին Շենկալ լերան եզիտիները: Արդեօք ազգովին կրցա՞նք զօրակցութեան ճիգ մը վատնել մեր ժամանակներուն ցեղասպանութեան զոհ դարձած անմեղներուն հետ զօրակցելու համար: Կարծես այս հարցումները շատ ալ ցանկալի չեն մեր ազգային մտածելակերպին մէջ, քանի որ մենք որդեգրած ենք մեր հարազատ ողբը եւ մնացեալ բոլորին հանդէպ նախընտրած ենք անհաղորդ մնալ: Սակայն ժամանակները կը թելադրեն այլ կերպ մերձեցումներ: Խնդիրը համամարդկային է եւ հայը չի կրնար ինքզինք չեղեալ համարել այդ համամարդկային պայքարէն: Ընդհակառակը՝ պիտի գիտակցինք, թէ ինչպէ՛ս, ո՛ր չարիքը ազգութիւններէ դուրս կը սպառնայ բոլորին, այդ չարիքին դէմ միախմբուիլը, ուժերը դիմադրական կարողութիւնները միացնելն ալ անհրաժեշտութիւն է:
Պարտին գիտակցիլ, թէ երկրագունդի վրայ անհնար է առանձին փրկութեան հասնիլ: Փրկութիւնը պիտի իրականանայ համամարդկային հետզհետէ համաշխարհային դիմադրութեան միջոցաւ:
pakrates@yahoo.com
asbarez.com/arm/344091/Չկայ-Առանձին-Փրկութիւն/