Մինչեւ Իրաւարարը չի սուլէ խաղը աւարտած չէ, կարելի չէ ուրախանալ եւ յաղթանակ տօնել նախքան սուլիչի ձայնը․․․

Մինչեւ Իրաւարարը չի սուլէ խաղը աւարտած չէ, կարելի չէ ուրախանալ եւ յաղթանակ տօնել նախքան սուլիչի ձայնը․․․

– – – – – Նահանգը ընդունեց հայոց Ցեղասպանութիւնը․․․

– – – – – Քաղաքը Ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը․․․

– – – – – Խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ ցեղասպանութեան հարցով․․․

Ուռաաաաաաաաաաաա, շնորհաւորանքներ, մաղթանքներ, ուրախութիւն ճիչ աղաղակ․․․

Յարգելի լրագրողներ յատկապէս, ձեր կայքէջերուն վարկանիշը բարձրացնելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս գործիք մի օգտագործէք, առաջինը եւ ամենէ արագ լուրը հաղորդելու մարմաջով միլիոնաւոր վիրաւոր, վրէժի զգացումով ապրող Հայորդիներու մէջ կեղծ յոյսի նշոյլներ մի դնէք․

Դուք որպէս մասնագէտ լրագրողներ աւելի քաջածանօթ պիտի ըլլաք այսպիսի բառախաղերու որոնց պակասը այսօր չունենք միջազգային լարախաղացներու կողմէ․․․

Բանաձեւ մը ընդունուիլը եւ Երկրի մը կողմէ ցեղասպանութիւն ճանչնալը նոյն երեւոյթը չէ․

Ահա եւ երկիր մը որպէս օրինակ, որքան առաջ գացինք Պատժելիութեան գործընթացքի մը մէջ, մի քանի տարի առաջ եւ կառոյցներ ընդունեցին բանաձեւ մը, ահագին աշխատանք, ահագին ճիգ եւ ջանք ու այդ երկրի սահմանադրութեան համաձայն պիտի նախագահը ստորագրէ զայն որոշ ժամկէտի մէջ որպէսզի ստանայ օրէնքի ուժ իսկ հակառակի պէս վերջին վայրկեանին երբ նախագահը պիտի ստորագրէր գրիչը դաւաճանեց եւ չկարողացաւ ստորագրել․․․, այսպիսի հեքիաթներ եւս կան յարգելիներ․․․

Այս ընթացքով շուտով պիտի ականատէս ըլլանք մի ոմն անհատի ով կը ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը բերենք առաջնային լուռ եւ յայտարարենք ահա եւ մոզամբիկի քաղաքացի – – – – ը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը․․․

Լուռերը ստոյգ եւ հասկնալի ձեւով փոխանցեցէք հասարակութեան Երկիրներու կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան հարցը դարձած է շահարկումների նիւթ, կը կարդանք մամուլէն թէ այս ինչ երկիրը 1995-ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը իսկ 1996-ին հաւանաբար թրքական պետութեան հետ տնտեսական սեղմ կապեր հաստատած եւ այդ տարի չէ ճանչցած իսկ յաջորդին կրկին կը ճանչնայ եւ այսպէս շարունակ․․․

Մեզ պէտք չէ այդքան հետաքրքրէ այդ երկիրներու դիրքորոշումը մեզ պիտի հետաքրքրէ Հող կորսնցուցած Հայի ժառանգորդներու պահանջատիրութեան չափաբաժինը, պէտք չէ հրճուիլ քաղաքական տնտեսական շահերու հիման վրայ եղող ընդունուած բազում գունաւոր բանաձեւերով, պիտի հրճուիլ Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին յարաբերութիւններու պահանջատիրութեան վրայ, պիտի հրճուիլ Հայ երիտասարդութեան պահանջատիրութեան վրայ, պիտի հրճուիլ Արցախի հզօրութեան վրայ որպէսզի մենք մեր ուժերով հասնինք մեր Սրբազան նպատակին․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail