Հակահայ Ցոյցեր` Պէյրութի Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ – ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

30 ԱՊՐԻԼ 2019 –

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Լիբանանի թրքական դեսպանատունը շաբաթ, Ապրիլ 27-ին արտաքին գործոց նախարարութեան յղեց բողոքագիր մը` լիբանանահայութեան կողմէ Ապրիլ 24-ին կատարուած քայլարշաւին ընթացքին թրքական դրօշակի հրկիզման դէմ:

Թրքական դեսպանատունը խստիւ դատապարտեց այդ արարքը եւ պահանջեց համապատասխան պատժամիջոցներու ենթարկել դրօշակը հրկիզողը:

Երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ դեսպանը նոյն հարցով բողոքագիր մը յղած է նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ պահանջած թրքական դրօշակը հրկիզողներուն դէմ օրինական քայլեր որդեգրել:

Թրքական դեսպանատան բողոքը գութը շարժեց թրքամէտ կարգ մը լիբանանցիներուն, որոնք իրենց ցասումը արտայայտեցին թրքական դրօշակը բարձրացնելով եւ ենիչերիներու գլխարկներ հագուելով:

Այս զոյգ քայլերը առնելով անոնք ուղղուեցան փողոց` Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի կարգ մը շրջանները, որպէսզի իրենց հպարտութիւնը յայտնեն Թուրքիոյ նկատմամբ եւ պարծենան թրքական դրօշներով:

Պէյրութի մէջ այս ցոյցերը կատարուեցան Ազգային պատկանելիութիւն կուսակցութեան կոչերով: Ի յայտ եկաւ, որ քաղաքական այս ուժը Մաշարիհ Իսլամիէ միութեան (ծանօթ` իբրեւ Ահպաշ) թրքամէտ թեւն է, որ հիմնուած է ծագումով արաբ եւ քիւրտ Օմէյրաթ ընտանիքին կողմէ:

Պէյրութի մէջ կատարուած ցոյցին ընթացքին, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իրենց գրառումներուն մէջ, անոնք ուրացման քաղաքականութիւն յայտնեցին Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ եւ տարածեցին Ցեղասպանութեան ճշգրտութեան մասին իրենց կասկածները` հայերը նկատելով սուտասաններ, որոնք անարգած են թրքական դրօշակը: Անոնք կոչ ուղղեցին հայ ժողովուրդին` ընդառաջելու թրքական կառավարութեան պահանջին` կազմելու պատմութեան հետազօտութեան պատմաբաններու հայ-թրքական յանձնախումբ մը:

Պէյրութի փողոցներուն մէջ ընթացող այս ցոյցին զուգահեռ` թրքամէտ այլ ցոյց մը կատարուեցաւ նաեւ Աքքարի Քուեշրա շրջանին մէջ` Տրէյպի քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահ Ապպուտ Մերհեպի եւ Պիրէի ընտանիքներու լիկայի նախագահ Մոհամետ Ուեհպէի կոչերով:

Ցոյցին մասնակցեցան այդ շրջանին մէջ ապրող մեծ թիւով թիւրքմեններ:

Անոնք խստիւ դատապարտեցին թրքական դրօշի հրկիզումը` հաստատելով, որ պէտք է յարգել Թուրքիան եւ Լիբանանի հետ անոր ունեցած միջպետական յարաբերութիւնները:

Քուեշրայի մէջ ցուցարարները ընդգծեցին, որ եթէ կայ դրօշակ մը, որ Լիբանանի մէջ պէտք է հրկիզուի, այդ ալ Իսրայէլի դրօշակն է:

Սկսելու համար զարմանալի է, թէ Ազգային պատկանելիութիւն կուսակցութիւնը ինչպիսի՞ պատկանելիութիւն մը ունի: Արդեօք անոր ազգային պատկանելիութիւնը Լիբանանի՞ն կը վերաբերի, թէ՞ Թուրքիոյ:

Եթէ բանականութեամբ մօտենանք այդ կեցուածքներուն եւ փորձենք բացատրել, ապա յստակ է, որ քաղաքական այս ուժը թրքական պատկանելիութիւն ունի կամ նուազագոյնը թրքական դեսպանատան վարձկանի դերակատարութիւն կը կատարէ, այլապէս անոր ներկայացուցած տեսակէտներն ու պաշտպանած թեզերը անկարելի է, որ բառացիօրէն նոյնը ըլլան` ինչպէս որ են թրքական տեսակէտները:

Ցաւալին այն է, որ փողոց իջած այս տղաքը իրենց երկրին պատմութիւնը չեն գիտեր: Տգիտութեան տիղմին մէջ թաղուած այս մոթորսիքլեթ վարող երիտասարդները, որոնք թրքական դրօշակը փաթթած են իրենց մարմիններուն եւ ենիչերիներու գլխարկներ զետեղած իրենց գլուխներուն հպարտութիւն կը նկատեն Թուրքիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան զօրակցելու աքթը, չեն անդրադառնար, որ այդ նոյն կայսրութիւնն է, որ բռնատիրութիւն բանեցուցած է նաեւ Լիբանանի վրայ եւ բնաջնջած Լիբանանի բնակչութիւնը:

Անոնք հաւանաբար կը կարծեն, որ թրքական մշակոյթը բարբարոսութենէ, վայրագութենէ, արիւնահեղութենէ եւ ահաբեկչութենէ հեռու` խաղաղութեան, մարդկային արժէքներու եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը ազգային աւանդները կը ներկայացնէ:

Հետեւաբար պէտք է պատրաստ ըլլալ եւ ակնկալել, որ 6 մայիսի նախօրեակին թրքական դրօշակներով ցնծացող այս ամբոխը իր յաջորդ ցոյցը կատարէ Նահատակաց հրապարակին վրայ` Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց: Աւելի՛ն. տակաւին կը պատկերացնեմ, որ անոնք մագլցին յուշարձանին վրայ եւ թրքական դրօշակը ամրացնեն ջահը բռնած երիտասարդին ձեռքին մէջ` ի խնդիր պատմութեան խեղաթիւրման:

Տգիտութիւնը մարդկութեան մեծագոյն անէծքն է …

yerakouyn.com/2019/04/30/հակահայ-ցոյցեր-պէյրութի-եւ-հիւսիսայի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail