թրքական դրօշի հրկիզումը եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան Նոր Մարտավարութիւնը

30 ԱՊՐԻԼ 2019 –

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը 26 ապրիլին դատապարտեց 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման քայլարշաւի ընթացին թրքական դրօշի հրկիզումը եւ պահանջեց այդ արարքի պատասխանատուներուն դէմ կիրարկել անհրաժեշտ արդարադատական քայլերը: 28 ապրիլին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ թրքական դրօշներով մոթորսիքլեթներու երթ մը, որ կազմակերպուած էր Ազգային պատկանելիութիւն անունով անծանօթ կուսակցութեան մը կողմէ: Երթին մասնակիցները կը վանկարկէին Էրտողանի անունը, այլ խօսքով` երթի օրակարգը ներլիբանանեան չէր:

Առաջին անգամը չէ, որ ապրիլ 24-ին Լիբանանի մէջ թրքական դրօշ կը հրկիզուի, սակայն այս տարի թրքական դեսպանատունը, որ ընդհանրապէս քար լռութիւն կը պահէր ու կրաւորական կեցուածք կ՛որդեգրէր, յանկարծ աշխուժացաւ` 2 օր ուշացումով: Ուշացում մը, որ կու գայ վկայելու, թէ դեսպանատան աւանդական կեցուածքէն այդ շեղումին պատճառը լիբանանահայութեան բազմամարդ ցոյցին մասին դեսպանատունէն ուղարկուած զեկուցումէն ետք Անգարայէն ուղղուած ցուցմունք մըն է: Ինչ կը վերաբերի կիրակի օր, 24 ապրիլէն 4 օր ետք, թրքական դրօշին նկատմամբ «նախանձախնդրութեան» ուշացած արտայայտման երեւոյթին, ապա այդ յապաղումը իր կարգին վկայութիւն մըն է, որ երթը ոչ թէ ինքնեկ ու անկեղծ զգացումի մը արտացոլումն էր, այլ` ցուցմունքի մը գործադրումն ու կազմակերպուած ըլլալուն հաստատումը:

Երեւոյթը աւելի ճիշդ հասկնալու համար պէտք է նկատի ունենալ նաեւ հետեւեալները. թրքական ոստիկանութիւնը շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր որդեգրուած քաղաքականութենէն շեղում կատարելով այս տարուան 24 ապրիլին խոչընդոտեց Պոլսոյ թաղամասերուն մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ցոյցերը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ 27 ապրիլին` հակադարձելով Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի` Փարիզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օրուան ընթացքին արտասանած խօսքին, նշեց, որ Ֆրանսան աւելի քան 100 տարի առաջ «զինած է հայկական հրոսակախումբերը, որոնք սպաննած են թուրքերը»` աւելցնելով. «Փարիզ նոյնպէս պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ յանցագործութիւններուն համար»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական արխիւներուն նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան յայտարարեց. «Հայ աւազակախումբերու եւ անոնց աջակիցներու աքսորումը ամէնէն տրամաբանական քայլն էր»:

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան քայլերէն ու թրքական իշխանութիւններու յայտարարութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթի յաղթական երթին եւ այդ ծիրին մէջ քանի մը տարիէ ի վեր թրքական ժխտողականութեան ստացած իրերայաջորդ հարուածներուն լոյսին տակ Թուրքիան փոխած է իր մարտավարութիւնը: Անգարան սկսած է «1915-ի դէպքերը հայերու ցեղասպանութիւն չեն, ընդհակառակն` հայ հրոսակախումբերու կողմէ թուրք եւ իսլամ բնակչութեան կոտորած է» պնդել եւ որոշած է գործնական կերպով հակադարձել:

yerakouyn.com/2019/04/30/նոր-մարտավարութիւն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail