«Վրաստանի Հայ Համայնք» Հասարակական Կազմակերպութեան Յայտարարութիւնը Թիֆլիսի Մէջ Ապրիլ 24-ին Տեղի Ունեցածին Վերաբերեալ

01 ՄԱՅԻՍ 2019 – Դիմում – Յայտարարութիւն: / armenian-community.ge /

Վրաստանի Հանրապետության իշխանության ներկայացուցիչների և Վրաստանում Թուրքիայի դեսպանատան կողմից Վրաստանի քաղաքացիների Սահմանադրական իրավունքների կոպիտ խախտման կապակցությամբ

Վրաստանի Հայ Համայնքի

Դիմումը

Ապրիլ 24-ը հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է։ Երկար տարիներու ընթացքին Թիֆլիսի մէջ՝ Թուրքիոյ դեսպանատան յարակից տարածքին վրայ՝ Ապրիլ 23-24-ին Վրաստանի hայ hամայնքը աւանդական կերպով բողոքի գործողութիւններ կ՝իրականացնէ՝ Թուրքիային կոչ ընելով ճանչնալու 1915-23թթ․ կատարած յանցագործութիւնը։
Վրաստանի մէջ գործող օրէնսդրութեան համաձայն՝ Վրաստանի hայ hամայնքը այս տարի եւս Թիֆլիս քաղաքի իշխանութիւններուն տեղեկացուցած է Վրաստանի մէջ՝ Թուրքիոյ դեսպանատան յարակից տարածքին վրայ ծրագրուող՝ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացման մասին։

Ապրիլ 24-ին, նշուած ժամուն ժամանելով Թիֆլիսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան յարակից տարածք՝ Վրաստանի hայ hամայնքը՝ Վրաստանի քաղաքացիները, յայտնաբերեցին, որ տուեալ տարածքին վրայ կ՝իրականացուի Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ։ Իբրեւ արդիւնք՝ Վրաստանի hայ hամայնքը զրկուած է հնարաւորութենէն օգտուելու Վրաստանի Սահմանադրութեան կողմէ արտօնուած իր իրաւունքէն՝ իրականացնելու նախապէս յայտարարուած ձեռնարկը ծրագրուած վայրին մէջ եւ ծրագրուած ձեւաչափով։

Ապրիլ 24-ը միլիոն ու կէսէն աւելի գազանաբար սպաննուած անմեղ զոհերու յիշատակի օրն է, եւ ինչպիսի իրաւաբանական եզրոյթով ալ որ անուանուի այդ ողբերգութիւնը, յիշատակի ձեռնարկներուն զուգահեռ տօնական կրկէս կազմակերպելը, որ 2019 Ապրիլ 24-ին կազմակերպեց Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը, ծայրայեղ անբարոյական քայլ կը հանդիսանայ, որ արժանի է դատապարտման։
Խիստ դատապարտման արժանի են նաեւ Վրաստանի բոլոր այն պետական պաշտօնեաներու գործողոթիւնները, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերած են Թուրքիոյ դեսպանատան Վրաստանի մէջ այդ կրկէսային ներկայացումը կազմակերպելու մէջ։

Մարդիկ, որոնց ուղղակի պարտականութիւնը կը հանդիսանայ ծառայել Վրաստանի քաղաքացիներուն, խախտեցին իրենց իսկ պետութեան օրէնսդրութիւնը, անտեսեցին քրիստոնէական բարոյականութիւնը եւ աջակցեցան անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած ցոյցը ծաղրող ձեռնարկի իրականացման կազմակերպման։ Տուեալ անօրինական գործողութեամբ Վրաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները ծանր վիրաւորանք հասցուցած են ոչ միայն ցոյցի մասնակիցներուն՝ Վրաստանի՝ հայ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներուն, այլեւ նոյնինքն վրացի պետութեան, բոլոր անմեղ զոհերու ընտանիքներուն եւ անոնց յիշատակին՝ անկախ անոնց ծագումէն։

Առաջնորդուելով Վրաստանի Սահմանադրութեամբ եւ «Ցոյցերու եւ երթերու մասին» օրէնքով՝ կոչ կ՝ընենք․

ա) Վրաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան, արտաքին գործերու հարցերով խորհրդարանական յանձնաժողովին՝ ուսումնասիրելու 2019 Ապրիլ 24-ին Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ Վրաստանի քաղաքացիներու Սահմանադրական իրաւունքներու խախտման փաստը։ Կատարուածին համապատասխան գնահատական տալ եւ անհրաժեշտ դիւանագիտական քայլեր ձեռնարկել։ Դատապարտել օտար պետութեան՝ Վրաստանի քաղաքացիներու սահմանադրական իրաւունքները ոտնահարելու փաստը։

բ) Վրաստանի Ներքին Գործոց նախարարութեան՝ հետաքննել, թէ ով եւ ինչի հիման վրայ որոշում կայացուցած է արտօնելու Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան զուգահեռ ձեռնարկ իրականացնելու նոյն տարածքին վրայ, նոյն ժամուն, որ նշուած եղած է Վրաստանի Հայ Համայնքի ծանուցման մէջ՝ ատով իսկ խանգարելով Վրաստանի քաղաքացիներու օրինական եւ Սահմանադրական իրաւունքներու իրականացումը։ Ձեռնարկել համապատասխան իրաւական արձագանգ։

գ) Վրաստանի տարածքին գործող բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ խիստ դատապարտել Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ «Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին» Վիեննայի հռչակագրի հիմնարար չափանիշներու եւ Վրաստանի քաղաքացիներու Սահմանադրական իրաւունքներու խախտման փաստերը։

դ) Վրաստանի Կառավարութեան ու նախագահին՝ դատապարտել Վրաստանի քաղաքացիներու՝ ազգային փոքրամասնութիւններու Սահմանադրական իրաւունքներու ոտնահարման փաստը, ձեռնարկել գործնական քայլեր Վրացական պետութեան առանց բացառութեան բոլոր քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ։

է) Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան՝ հրապարակային ներողութիւն հայցել Վրաստանի քաղաքացիներէն եւ դադրեցնել Վրաստանի քաղաքացիներու հանդէպ՝ իրենց իսկ պետութեան տարածքին վրայ՝ խտրականութեան եւ հետապնդման քաղաքականութիւն վարելը։

Վրաստանի Հայ Համայնք

armenian-community.ge/News/3502?

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail