Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչման

01 ՄԱՅԻՍ 2019 – Լիբանանեան Մամուլ:

Լիբանանի մէջ 23, 24 եւ 25 ապրիլին լոյս տեսած լիբանանեան օրաթերթերը անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման եւ այդ առիթով  լիբանանահայութեան կողմէ կատարուած քայլարշաւին:

Իւրաքանչիւր օրաթերթ իր դիտանկիւնէն մեկնելով եւ իր իւրայատուկ վերլուծումներով անդրադարձաւ քայլարշաւին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութեան ու անոր ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ու հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի արտասանած խօսքերուն ու ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով անոնց յղած պատգամին ու ներկայացուցած պահանջներուն:

Գրեթէ լիբանանեան բոլոր օրաթերթերուն կողմէ անդրադարձ կատարուեցաւ քայլարշաւին մասնակցած հայորդիներու հսկայական թիւին եւ իր նահատակներուն յիշատակը 104 տարի շարունակ վառ պահած հայութեան յանձնառութեան:

«Ժումհուրիա»

«Ժումհուրիա» օրաթերթը իր կատարած անդրադարձին մէջ կ՛ակնարկէ 104-ամեակին` հաստատելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը կը միասնականացնէ հայութիւնը, որ միշտ տէր պիտի կանգնի իր դատին եւ իրաւունքներուն:

Այս առիթով օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ ամբողջութեամբ զետեղած էր բազմամարդ քայլարշաւը խորհրդանշող լուսանկար մը եւ անոր համար ընտրած հետեւեալ խորագիրը. «Հայերը. մեր դատը պիտի չմոռնանք»:

Կատարուած ընդարձակ լրատուութեան մէջ ամբողջական անդրադարձ կար Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կատարուած ձեռնարկին, օր մը առաջ Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած երիտասարդական-ուսանողական հսկումին, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգրկէր հարցազրոյց մը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումները ինքնաբերաբար կը կատարուին, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ անհատ կը յիշէ իր նահատակները:

Ան աւելցուց նաեւ, որ անկարելի է Ցեղասպանութիւնը մոռնալ, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդ մը սպանդի ենթարկուած է ու տեղահան դարձած: «Իսկ իբրեւ ղեկավարութիւն, մենք չենք բաւարարուիր միայն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յարգելով, այլեւ կը յիշեցնենք, որ մեր ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ազդեցութեան տակ կը մնայ, ցեղասպանը տակաւին կը մնայ անպատիժ, իսկ եթէ Թուրքիան իր գործած արարքին համար համապատասխան պատիժը ստացած ըլլար, ապա այլ ցեղասպանութիւններ ու ահաբեկչութիւն եւ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւն կրնայինք չվկայել», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ հայութիւնը ո՛չ միայն Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կ՛ուզէ, այլեւ` նիւթական եւ բարոյական հատուցում:

Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ, որ արաբական մակարդակի վրայ արձանագրուած են կարգ մը քայլեր, որոնց շարքին է Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին այցելութիւնը Անթիլիաս մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատուռը, ուր կը հանգչին Տէր Զօրէն բերուած մեր նահատակներուն մասունքները, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանի ներկայացուցիչին այցելութիւնը նոյն մատուռը եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան անունով ծաղկեպսակի զետեղումը:

Անշուշտ առանց մոռնալու Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը` Իտալիոյ կառավարութենէն, Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ 24 ապրիլը Հայոց ցեղասպանութեան ազգային օր հռչակելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումը:

Այս առիթով, Լիբանանի կառավարութենէն կը պահանջենք 24 ապրիլը յայտարարել Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ քաղդէացիներու սպանդներու նուիրուած յիշատակի օր:

Յ. Բագրատունի գնահատեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող լիբանանցի քաղաքական գործիչներու  թուիթըրեան գրառումները, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումին ընթացքին նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի արտասանած խօսքը, որուն մէջ ան կոչ ուղղած էր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ցեղասպանը հաշուետուութեան կանչելու:

Անկախ այս բոլորէն, «Ժումհուրիա» օրաթերթը իր 24 ապրիլի թիւով հրատարակեց նաեւ յատուկ յաւելուած մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին:

Յաւելուածը կոչուեցաւ «Հաւատարիմ մնալով Հայ դատին եւ Հայ դատը կոչելով անմառ ջահ մը»:

«Նահար»

«Նահար» օրաթերթը իր առաջին էջով անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման եւ լիբանանահայութեան քայլարշաւը ներկայացնող լուսանկար մը զետեղած է:

«Նահար»-ի կողմէ կատարուած թղթակցութիւնը բաւարարուած է նշելով, որ քայլարշաւ եւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մէջ` կազմակերպութեան հայկական երեք կուսակցութիւններուն:

«Ախպար»

«Ախպար» օրաթերթը իր գլխաւոր լրատուութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին անդրադարձած էր միայն լուսանկարով մը եւ անոր բացատրութեամբ, որ կ՛ըսէր. «Հայոց ցեղասպանութեան, ասորիներու եւ այլոց դէմ Օսմանեան կայսրութեան բանակին գործադրած ջարդերուն 104-ամեակին առիթով, ծագումով հայ հազարաւոր լիբանանցիներ երէկ Պէյրութի մէջ քալեցին: Անոնց նման հարիւր հազարաւորներ քայլարշաւներ կազմակերպեցին նաեւ այլ երկիրներու մէջ` նշելու համար իրենց նախահայրերուն յիշատակը եւ պահանջելով Թուրքիայէն ճանչնալ իր գործած ոճրային արարքը»:

«Ախպար» օրաթերթը հրատարակեց նաեւ Լիբանանի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Սօսի Սարգիսեանի յօդուածը, որ կ՛անդրադառնար Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւններուն եւ Թուրքիոյ վարած ուրացումի քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ իր դատին եւ իրաւունքներուն տէր կանգնելու հայութեան վճռակամութեան ու պահանջատիրական երթին կառչած մնալու անոր յանձնառութեան:

«Տիար»

«Տիար» օրաթերթը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման լիբանանահայութեան քայլարշաւին եւ Մեծ եղեռնի զոհերուն հոգիներուն համար մատուցուած հոգեհանգիստին ու պաշտօնական ձեռնարկին:

«Տէյլի Սթար»

«Տէյլի Սթար» օրաթերթը քայլարշաւի տպաւորիչ լուսանկարով մը անդրադարձած է Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչումին եւ կազմակերպուած քայլարշաւին: Լուսանկարին իբրեւ բացատրութիւն կցած է հետեւեալ գրութիւնը. «Հազարաւորներ` աւելի քան տասը հազար հոգի, կը քալեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին»:

«Պինա»

«Պինա» օրաթերթը իր լրատուութեամբ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչումին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ օր մը առաջ տեղի ունեցած երիտասարդական-ուսանողական հսկումին` զետեղելով նաեւ այդ երկու ձեռնարկներէն լուսանկարներ:

«Պինա» անդրադարձաւ նաեւ լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն եւ անձնաւորութիւններուն կողմէ լիբանանահայութեան զօրակցական կեցուածքներուն:

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման զոյգ ձեռնարկներուն մասին ամբողջական լրատուութիւն կատարեցին Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան լրատուական կայքերը, որոնց շարքին` «Նաշրա», «Լեպանոն Ֆայլզ», «Լեպանոն տիպէյթ», «Թայեար», ինչպէս նաեւ «Էլ. Պի. Սի.» եւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայաններուն պաշտօնական կայքերուն լրատուական բաժինները:

aztagdaily.com/archives/436023

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail