Փայլան՝ Էրտողանին. «Արխիւս մեծ մայրս՝ Սիրանոյշն է»

02 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան դարձեալ անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլին կատարուած հակահայ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող նորագոյն յայտարարութեան, որուն մէջ Էրտողան Հայաստանին եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն արխիւները բանալու կոչ ուղղած էր:

«Էրտողան ըսաւ. «Իրականութիւնը փնտռելու վայրը արխիւներն են»: Անատոլիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ արխիւ է, փաստաթուղթ է: Իմ փաստաթուղթն ալ՝ արխիւս մեծ մայրս՝ Սիրանոյշն է: Ամէն տան մէջ Սիրանոյշները իրենց թոռներուն մեծ աղէտին ընթացքին վերապրողներու մասին պատմած են: Եթէ պատրաստ էք լսելու, եկէք պատմենք, մեր փաստաթուղթերով, թրքերէնով», գրած է Փայլան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ։

Asbarez.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail