Ես հպարտ եմ Իմ երկրի Ղեկավարով – «ԹՔԱԾ ՈՒՆԻՆՔ ՁԵՐ ԿԱՐԾԻՔԻ ՎՐԱՅ»

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

02 ՄԱՅԻՍ 2019 –

Ես հպարտ եմ Իմ երկրի Ղեկավարով – «ԹՔԱԾ ՈՒՆԻՆՔ ՁԵՐ ԿԱՐԾԻՔԻ ՎՐԱՅ»

Ես հպարտ եմ Իմ երկրի Ղեկավարով

երկու օր է դադար չկայ ոչ փողոցներու, ոչ տուներէ ներս եւ նաեւ ոչ դիմատետրի էջերու վրայ այն խօսքերուն որոնք կը վերաբերին Սիրելի Հայաստանի հանրապետութեան Վարչապետի եւ նողկալի ռուսաստանի վարչապետի խօսակցութեան․․․

Ոմանք կը քննադատէն որ Վարչապետը լաւ գրական ռուսերէնի չի տիրապետէր, Վարչապետի քաղաքական ընդդիմադիրները կը ծիծաղին կատարուածի վրայ իսկ ան-ողնաշար սպիտակամորթ թուրքերը անգամ մը եւս ցոյց տուին որ իրենք կը մնան հայ ազգի ոխերիմ թշնամի թէկուզ ռազմավարական դաշնակից խորագրի տակ․․․

ինքս 100 տոկոսով իշխանափոխութեան կողմնակից սակայն Վարչապետի ստեղծած խումբին հակառակ մտածողութեամբ կուգամ յայտնելու իմ հպարտանքը այն երեւոյթի համար որ Վարչապետը լաւ չի տիրապետէր գրական ռուսերէնի, այդ մեծ առաւելութիւն է եւ ոչ թերութիւն, բոլոր Հայերը պէտք է որ լաւ չտիրապետեն ռուսերէնի կամ այլ երկրորդ լեզուի, բնական է որ այդ սահուն պէտք չէ ըլլայ Մայրենիի նման որովհետեւ 90%-ը պիտի տրամադրուի Հայերէն լեզուի եւ միայն տասը օտարի, պարզապէս ժողովրդային լեզուով ասած որպէսզի պէտք եղած ժամանակ «էշը փոսէն հանէ»

Այդ որ՞ ռուս քաղաքական գործիչը կրնայ էշը փոսէն հանել Հայերէնով, Հ եւ Ղ հնչիւնները արտասանել չկրցող տգէտ ռուսը իրաւունք չունի ծիծաղելու ուրիշի վրայ մանաւանդ երբ հիւր ես եկած այդ ուրիշի տունը․․․

Ես Հպարտ եմ իմ Վարչապետով բայց եւ նաեւ կուզէի որ պաշտօնական խօսափողերու դիմաց միայն բերնէն լսեմ Հայերէն, Մեսրոպ Մաշտոցի Հայերէնը, Հայոց գոյութեան սիւն Հայերէնը, Նարեկացիի Նարեկի Հայերէնը եւ թող ռուսերը կամ այլ լեզուով խօսող անհատները ունենան թարգմաններ եւ զմայլին մեր լեզուի գեղեցիկ հնչիւններու եւ շարականներու նման անոյշ ելեւէջներուն․․․

Ոչ յարգելի սպիտակ թուրքեր եւ անխտիր բոլոր շփացած եւ այլասերուած օտարազգի ղեկավարներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, զինուորական կցորդներ՝ դարձեալ փոխ առնելով Ժողովրդային խօսք մը որը մաքուր Հայերէն է կուգամ այդ նախադասութեամբ փակելու ատելութիւնէ հեռու հանդուրժողականութեան մօտիկ գրութիւնս

«ԹՔԱԾ ՈՒՆԻՆՔ ՁԵՐ ԿԱՐԾԻՔԻ ՎՐԱՅ»

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail