
04 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
2 մայիսին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արմէն Պապիկեան` ելոյթ ունենալով ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի 1226-րդ նիստի ընթացիկ հարցերու օրակարգին մէջ, ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին օրը` ապրիլ 24-ին, Թուրքիոյ նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ խաղաղ հաւաքներուն եւ խօսքի ազատութեան խոչընդոտման վրայ:
Դեսպան Պապիկեան նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահին արտայայտութիւնները սուրբ նահատակներու յիշատակին եւ վերապրածներուն նկատմամբ անարգական վերաբերումի շատ վիրաւորական եւ ցաւալի դրսեւորումներ են, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութիւնը արդարացնելու չափազանց մտահոգիչ փորձ: Ըստ անոր, ասիկա Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որդեգրած ժխտողականութեան քաղաքականութեան ցայտուն դրսեւորումներէն մէկն է:
Դեսպանը նկատել տուած է, որ Թուրքիոյ նախագահին խօսքերը կը վկայեն օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած սպանդին մասին, ինչպէս նաեւ անոնք ատելութեան հրահրման կը միտին:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ ապրիլ 24-ի օրը խաղաղ հաւաքներու կազմակերպումը արգիլելու քայլին` Պապիկեան դիտել տուած է, որ անիկա մարդկային հիմնական իրաւունքներու ոտնահարում է` աւելցնելով, որ խօսքի իրաւունքի մեծ խախտում է նաեւ հրապարակայնօրէն Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելուն համար, ոստիկանութեան կողմէ հայ գործիչի մը ձերբակալութիւնը:
Եզրափակելով իր խօսքը` դեսպան Արմէն Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ սուրբ նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման առնչուող որոշումներուն, հռչակագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար, զուգահեռաբար կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան` խստիւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անկէ վերապրածներուն յիշատակին ու արժանապատուութեան վերաբերող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վիրաւորանքը:
aztagdaily.com/archives/436337





