«Եթէ Դրախտը Կը Փնտռէք, Պէտք է Հայաստան Այցելէք». Սպանական Պարբերականը Ներկայացուցած է Հայաստանի Լաւագոյն Տեսարժան Վայրերու Ցանկը

ARARAD - armenagan-Zvartnots-Cathedral-Ruins-Armavir-Province-Armenia

Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք. սպանական : Etheria Magazine :

03.05.2019 –

Սպանական Etheria Magazine պարբերականի կայքին մէջ «Հայաստան. 10 վայր եդեմական այգիին մէջ» վերնագիրով հրապարակուած է յօդուած մը, ուր կը պատմուի Հայաստանի մէջ հանգիստի եւ դիտարժան վայրերու մասին:

Լուսանկարիչ-ճանապարհորդներ Խուան Քառլոս Մունյեսի եւ Մար Ռամիրեսի հեղինակած յօդուածին մէջ կը ներկայացուին Հայաստանի գլխաւոր տեսարժան վայրերը, բնական արգելոցներն ու պատմամշակութային յուշարձանները, կը յայտնէ Tert.am-ը:

«Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք: Ճանապարհները ձեզի կը տանին դէպի Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ եղած երեւակայական սահմանը, ուր, կ՛ըսեն, գոյութիւն ունեցած է եդեմական այգին: Նոյն այստեղ կարելի է տեսնել աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը»,- կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:

Հայաստանի տեսարժան վայրերու գլխաւոր տասնեակին մէջ ներառուած են՝ Զուարթնոցի տաճարի աւերակները, Գառնիի հեթանոսական տաճարը, Գեղարդի եւ Խոր Վիրապի վանքերը, Սաղմոսավանքը, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, Սեւանայ լիճը` Սեւանավանքով, Հանրապետութեան հրապարակը, Կասկադ համալիրը, Մատենադարանը եւ այլն։ Ի դէպ՝ իւրաքանչիւր տեսարժան վայրին մասին  ընթերցողներուն հակիրճ տեղեկութիւններ կը ներկայացուին :

Zvartnots Cathedral, Etchmiadzin City, Armavir Province, Armenia, Middle East
Tsitsernakaberd Genocide Memorial, Armenian Genocide Memorial Complex, Yerevan City, Armenia, Middle East
Geghard Monastery, Kotayk Province, Armenia, Middle East, UNESCO World Heritage Site
Garni Temple, Garni City, Kotayk Province, Armenia, Middle East
Traditional bread elaboration, Armenia, Middle East
Republic Square at night, Yerevan City, Armenia, Middle East
Saghmosavank Monastery, Aragatsotn Province, Armenia, Middle East

yerakouyn.com/2019/05/03/եթէ-դրախտը-կը-փնտռէք-պէտք-է-հայաստան-ա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail