Իտլիպի Մէջ Զինեալներու Օժանդակութեան Փութացող Թուրք Զինուորները Յայտնուած Են Ականուած Դաշտի Մը Մէջ

06 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիոյ մէջ կացութեան քաջածանօթ ապահովական լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ «Եփրատի վահան»-էն թրքամէտ զինեալ խմբաւորումներ շաբաթ օր գնդակոծած են Սուրիոյ մէջ թրքական բանակի դիրքերը, թրքական բանակին` սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ յարձակում գործելու պատրուակ ստեղծելու համար:

Զինեալները թրքական բանակին աջակցութեամբ յառաջացած են Մարհանար գիւղին մէջ սուրիական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ, սակայն սուրիական բանակը պաշարած է զանոնք, ուստի զինեալները օժանդակութիւն խնդրած են թրքական բանակէն, որուն զինուորները զինեալները փրկելու իրենց փորձին ընթացքին յայտնուած են ականուած դաշտի մը մէջ:

Աղբիւրը նշած է, որ ռուսերը թրքական կողմին խնդրանքով Հալէպի մէջ ապահովական յանձնախումբի ղեկավարին ճամբով միջնորդութիւն կատարած են:

Սուրիական կողմը ընդունած է ռուսական միջնորդութիւնը` թրքական բանակին արտօնելով իր վիրաւորները հեռացնել շրջանէն: Աղբիւրը կը նշէ, որ թրքական գործողութիւնը տեղի ունեցած է յետաձգելու համար Իտլիպի դէմ սուրիական բանակի զինուորական գործողութիւնը, որ պիտի շղթայազերծուէր այսօր:

aztagdaily.com/archives/436549

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail